Որոնել

Ֆրանչիկսոս Պապ եւ Փաոլօ Ռուֆֆինի Ֆրանչիկսոս Պապ եւ Փաոլօ Ռուֆֆինի 

Սիւնհոդոս. «Առանց երկխօսութեան հաղորդակցութիւն չկայ » ըսաւ Տիար Ռուֆֆինի։

Թուային աշխարհը գործիք մը չէ՝ այլ վայր մըն է, ժամանակակից աշխարհի վայր մը, ուր բոլոր ցամաքամասերն ու բոլոր լեզուները կը միանան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի հաղորդակցութեան  Ժողովի կառավարիչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի որ եղաւ նաեւ անցեալ կիրակի վերջ գտնող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին տեղեկատուութեան յանձնախումբի  նախագահ, Վատիկան Նիուզ վատիկանեան գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին մասին արտայայտուելով յայտնեց թէ իրեն համար այդ մէկը եղաւ հաւատքի եւ հաղորդութեան ձեռնարկ մը՝ որ հաղորդեց միասին քալելու գեղեցկութիւնն ու անվախ եւ երիտասարդ եկեղեցւոյ մը ընթացքը, լի խանդավառութեամբ ու միացած։

Լրագրողներու հետ առօրեայի հանդիպումները  հիմնուած երկխօսութեան վրայ

Նշենք թէ Տիար Ռուֆֆինի իր պաշտօնը ստանձնած էր  սիւնհոդոսէն միայն մէկ ամիս առաջ ու սիւնհոդոսի փորձառութիւնը անոր համար եղաւ զօրեղ փորձառութիւն  մը, որուն մասին արտայայտուելով Ռուֆֆինի նշեց թէ ինք այդ փորձառութեան մէջ տեսաւ աւելի լաւ ապագայի մը կարելիութիւնը, տեսաւ զօրեղ հաւատք, հաղորդութեան հոգի, ապա զիրար ունկնդրելու մէջ համբերութիւն ու յատկապէս աղօթք։ Ակնարկելով ապա սիւնհոդոսի ծիրէն ներս իրեն յանձնուած պաշտօնին Ռուֆֆինի նշեց թէ լրագրողներու հետ առօրեայի հանդիպումները եղան կառուցողական ու հիմնուած երկխօսութեան վրայ։ Առանց երկխօսութեան հաղորդութիւն չկայ հաստատեց Ան ու մատնանշելով սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթին մէջ պարունակուած «թուային աշխարհին» հայող հատուածին ու յատկապէս այդպէս կոչուած «Ֆէյք Նիուզ-սուտ լուրերու» երեւոյթին,  Ռուֆֆինի  դիտել տուաւ թէ «թուային աշխարհը գործիք մը չէ՝ այլ վայր մըն է, ժամանակակից աշխարհի վայր մը, ուր բոլոր ցամաքամասերն ու բոլոր լեզուները կը միանան։ Վայրն է ուր կը կերտուի անձնականութիւնը, ինքնութիւնը, խիճը, բարեկամութիւններ, սէր ու նաեւ ոխերմութիւն։ Այս բոլորը մարտահրաւէր մըն են ու մենք պէտք է երիտասարդներէն խնդրենք որ մեզի օգնեն որպէսի մենք եւս կարողանանք բնակիլ այդ վայրին մէջ» ըսաւ Տիար Ռուֆֆինի անդրադառնալով Քիւրէ Տ՛Արսի մէկ խօսքին «օգնէ ինծի գտնելու ճանապարհը ու ես քեզի ցոյց պիտի տամ աւելի մեծ ճանապարհ ՝ սրբութեան, սիրոյ, ճշմարտութեան ու երկնքի ճանապարհը որ է հետեւիլ Յիսուսին»։

«Մենք եւս նոյնը կատարելու ենք այսօրուայ երիտասարդներուն հետ» ըսաւ Փաօոօ Ռուֆֆինի անոնք կարող են մեզ առաջնորդել այդ թուային աշխարհին մէջ, սակայն մենք այդ աշխարհին հեռանկարը փոխելու ենք։ Թուային ընկերութիւնը յաճախ կառուցուած է ուրիշի ժխտումի ու անոր նկատմամբ ոխի վրայ, սուտի վրայ, մենք այնտեղ կարող ենք ճշմարտութիւն ու հանդիպումի կարելիութիւնը ներմուծել, կարող ենք թուային վայրը դարձնել գեղեցիկ՝ վայր մը ուր կարելի ըլլայ կեանքը ապրիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2018, 08:54