Ծիրանաւորներէ առնուած լուսանկար Ծիրանաւորներէ առնուած լուսանկար 

Երիտասարդներու նուիրուած եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի օրակարգը:

Շաբաթ, հոկտեմբեր 6-ին, Վատիկանի մէջ Սրբազան Հայրի ու սիւնհոդոսական հայրերը հանդիպում ու զրոյց կ՛ունենան աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած երիտասարդներուն հետ:

3-էն - 28 հոկտեմբեր, 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին գլխաւորութեամբ Վատիկանի մէջ կը գումարուի երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսաց 15-րդ սիւնհոդոսը:

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 3-ին, յետմիջօրէին,՝ Ֆրնաչիսկոս Պապ յատուկ աղօթքով եւ պատգամով մը սկիզբ կու տայ եպիսկոպոսներուն աշխատանքային նիստերուն:

Չորս շաբաթներով երկարող եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի օրակարգը կ՝ընդգրկէ, նիստերու գումարում, աղօթքի պահեր, եւ մամլոյ ասուլիսներ հայող եպիսկոպոսներուն ժողովներուն:

Եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի յայտագիրը ունի ապա երկու յատուկ պահեր. շաբաթ, հոկտեմբեր 6-ին, Վատիկանի մէջ Սրբազան Հայրի ու սիւնհոդոսական հայրերը հանդիպում ու զրոյց կ՛ունենան աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած երիտասարդներուն հետ ապա՝ կիրակի 14 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը նախագահէ հետեւեալ երանելիներուն սրբադասման արարողութեան. Երանելի Պօղոս Զ Պապը, երանելի Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերօ Կալտամեզ, երանելի Ֆրանչիսկոս Սփինելլին, երանելի Վինչենցօ Ռոմանօ, Երանելի Մարիա Քաթերինա Քասփեր, Երանելի Նազարիա Իյնացիա Տի Սանթա Թերեզա Տի ժէզու եւ Երանելի Նունցիօ Սուլփրիցիօ

Մինչ՝հոկտեմբեր 28-ին, երիտասարդներու եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի փակման առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ Սուբր Պատարագի արարողութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2018, 13:09