Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակ  

Երիտասարդներուն հայող սիւնհոդոսին առթիւ մամլոյ ասուլիսներ։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ՝ ամէն օր ժամը 13.30-ին տեղի կ՛ունենան մամլոյ ասուլիսներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3-28 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուած երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ՝ ամէն օր ժամը 13.30-ին տեղի պիտի ունենան առօրեայ մամլոյ ասուլիսներ, լուսաբանելու եւ խորացնելու սիւնհոդոսի ընթացքին արծարծուող նիւթեր։ Սիւնհոդոսի առաջին օրուան առթիւ՝ Հինգշաբթի 4 հոկտեմբեր 2018-ին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հանդէս եկան Փրոֆ Քիարա Ճաքքարտին, Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարի գործակիցը, Գերապայծառ Քարլոս Խօսէ Թիսսերա, Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն ընտրուած սիւնհոդոսական եպիսկոպոս եւ Վիեթնմացի երիտասարդ մասնակից՝ Տիար Ժոզէֆ Քաօ Հու Մին Թրի։

Իսկ ուրբաթ 5 հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ զրուցեցին երկու եպիսկոպոսներ ու մէկ աշխարհական՝ Փանամայէն գերապայծառ Մանուել Օչոկավաի Պարահոնան եւ Աւստրալիայէն գերապայծառ Անթոնի Քոլին Ֆիշերը, ապա Մատակասկարէն երիտասարդ Մարիոն Սոֆի Ռաքոթորուալահին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 12:00