Ուխտագնացութենէ առնուած  լուսանկար Ուխտագնացութենէ առնուած լուսանկար 

Սիւնհոդասական հայրերուն ուխտագնացութիւնը Հռոմի մէջ:

Ուխտագնացութեան աւարտին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պարարագ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ներկայութեամբ:

Երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսին ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն մասնակցութեամբ սիւնհոդասական հայրերուն,սիւնհոդսոի ներկայ գտնուող ունկնդիր երիտասարդներու ու երիտասարդուհիներուն ինչպէս նաեւ Հռոմի զանազան ժողովրդապետութիւններէն ժամանած հաւատացեալներուն:

6 քմ երկարութիւն ունեցող յիշեալ ուխտագնացութիւնը նախաձեռնութիւնն է Քահանայապետական նոր աւետարանումի խթանման խորհուրդին։ Ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ առաւօտեան 8.30-ին Հռոմի Տոն Օրինոնէ կեդրոնէն եւ վերջ կը գտնէ Սուբր Պետրոսի տաճարին մէջ ուր նախատեսուած է Սուրբ Պետրոսի դամբանին առջեւ աղօթք ապա Սուրբ Պատարագ զոր կը գլխաւորէ Եպիսկոպոսական սիւնոհոդոսին ընդհանուր քարտուղարը Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ :

Դէպի Սուրբ Պետրոս հետիոտն ուխտագնացութեան ընթացքին, նախատեսուած են երեք կայարաններ ուր ուխտաւորները կանգ պիտի առնեն պահ մը ամփոփուելու՝ աղօթք ու խորհրդածութիւն կատարելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2018, 09:54