Գերապայծառ Օսքար Առուլֆօ Ռոմերօ Կալտամեզ Գերապայծառ Օսքար Առուլֆօ Ռոմերօ Կալտամեզ 

Գերապայծառ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերոն սուրբերու շարքին կը դասուի։

Նահատակ եպիսկոպոսը կը հանդիսանայ յառաջիկայ 22 -27 յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք ԵՀՕ պաշտպան սուրբերէն մին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ կիրակի 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին Սուրբերու շարքին պիտի դասուին հինգ երանելիներ. Պօղոս Զ Քահանայապետը, Սան Սալվատորի երբեմնի Արքեպիսկոպոս ու նահատակ գերապայծառ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերօ Կալտամեզը, Իտալացի թեմական քահանայ եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր՝ Հայր Ֆրանչեսքօ Սփինելլին, Հայր Վինչենցօ Ռոմանոն, Քոյր Մարիա Քաթերինա Քասփէր՝ Յիսուս Քրիստոսի աղքատիկ կուսանաց հաստատութեան հիմնադրուհին եւ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Նազարիա Ինիացիան՝  «Միսիոներաս Քրուզատաս Տէ Լա Իկլեզիա» միաբանութեան հիմնադրուհին։

Մինչ 5 հազար ուխտաւորներ կը պատսպարուին Պրեշայ քաղաքէն մեկնիլ ու ժամանել Հռոմ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Պօղոս Զ Քահանայապետի սրբադասման արարողութեան, գերապայծառ Օսքար Ռոմերոյի մասունքները ժամանեցին Փանամա եւ տեղաւորուեցան Սուրբ Պոսքոյի պազիլիքային մէջ, Փանամայի Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտեթայի նախագահած արարողութեան մը ընթացքին։

Մասունքները կազմուած են նահատակ եպիսկոպոսի արիւնը կրող կտաւէ մը, եպիսկոպոսական թագի նմանօրինակէ եւ եպիսկոպոսին կողէն առնուած փոքրիկ ոսկորի կտորէ։

Գերապայծառ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերօ Կալտամեզի մասունքներու Փանամա փոխադրութեան պատճառը այն է որ նահատակ եպիսկոպոսը կը հանդիսանայ յառաջիկայ 22 -27 յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին պաշտպան սուրբերէն մին։

Յառաջիկայ օրերուն սուրբերու շարքին դասուող երանելիին մասունքները Փանամա պիտի մնան մինչեւ ԵՀՕ եզրափակումը եւ այս ամիսներու ընթացքին ուխտագնացութեամբ պիտի փոխադրուին երկրին զանազան քաղաքներ, արժանանալու համար հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներու մեծարանքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2018, 08:00