Որոնել

Գերապայծառ Սեզար Եսայեան Գերապայծառ Սեզար Եսայեան 

«Երիտասարդները եկեղեցւոյ ուժն են» կ՛ըսէ գերապայծառ Եսայեան։

Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին կացութեան ,մեր երիտասարդները կը փորձեն եկեղեցւոյ հիմնաքարերը դառնալ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ կայացած «երիտասարդները, հաւատք եւ կոչումի զատորոշում» երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսներուն 15-րդ սիւնհոդոսի աշխատանքներու մասնակցող աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած եպիսկոպոսներուն շարքին, լիբանանէն, կը մասնակցի նաեւ Լատիններուն առաքելական տեղակալ՝ ծագումով հայ, գերապայծառ Սեզար Եսայեան, որ Վատիկան Նիւզ վատիկանի պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ երիտասարդներուն իրավիճակին ըսելով. «Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին կացութեան ,մեր երիտասարդները կը փորձեն եկեղեցւոյ հիմնաքարերը դառնալ: Անոնք եկեղեցւոյ կենաքի ուժն են : Երիտասարդները Լիբանանի մէջ պատճառ կը փնտռեն, գոյատեւելու եւ վկայելու իրենց հաւատքը եւ նոյնիսկ անոնք որոնք ստիպուած են ամէն ինչ լքե՝լ փնտռելու համար աւելի լաւ կեանք մը, իրենց հետ կը տանին իրենց հաւատքը, ու զայն կը վկայեն իրենց հիւրընկալուած երկիրներուն մէջ:»ըսաւ գերապայծառ Եսայեան, նկատել տալով նաեւ որ Լիբանանի մէջ , եկեղեցական շարժումներու մէջ երիտասարդները մեծ դեր ու պատասխանատուութիւն ունին , անոնք զօրաւոր են իրենց ստացած կազմաւորումին մէջ , անոնք իրենց տուած վկայութեամբ կը վարակեն այլ երիտասարդները»

Պէյրութի մէջ լատիններուն առաքելական տեղապահը ՝ ապա առաջարկեց, որ հիմնուի «մարզային երիտասարդներուն հաւաք», օրինակ քաղելով համաշխարհային երիտասարդներուն հաւաքէն, զայն նկատելով գեղեցիկ մարտահրաւէր մը, տրուած ըլլալով որ բոլոր երիտասարդները կարողութիւն չունին մասնակցելու միջազգային հաւաքներուն։ «Այսպիսի ձեռնակներու կազմակերպութեամբ երիտասարդները իրենց երկիրներուն, ընտանիքներուն եւ աշխատանքի վայրերուն մէջ կրնան դառնալ յոյսի մշակներ» հաստատեց , գերապայծառ Եսայեան։
Ապա ակնարկելով եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի նիստերուն երրորդ հանգրուանին նշեց թէ երիտասարդներուն անսալէն ետք, եպիսկոպոսները այժմ իրենց հայեացքը վերստին սեւեռած են երիտասարդներուն վրայ, մեկնելով իրենց հաւատքէն. որովհետեւ Տէրը միշտ ներկայ է պատմութեան մէջ եւ եկեղեցին միշտ իր սիրտին մէջ ունի երիտասարդները: Սիւնհոդոսական հայրերը այժմ կը քննարկեն երիտասարդներու հետ միասնաբար ընթանալու ուղիները:

Գերապայծառ Եսայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2018, 09:28