Որոնել

Սիւնհոդսսական նիստ Սիւնհոդսսական նիստ 

Երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի աշխատանքները կը շարունակուին։

«Տէր ի՞նչ կ՛ուզես որ ես ընեմ»։ Հարցումը որ երիտասարդ Ֆրանչեսքօ Ասսիզացին ուղղեց 13 դարուն «վերաբանալու» համար Աստուծոյ տունը, նոյնն է որ այսօր կը հնչէ երիտասարդներուն սրտին մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 3 հոկտեմբեր 2018-ին ընթացք առած «Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» նիւթով երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին աշխատանքային նիստերը կանոնաւոր կերպով կը շարունակուին եւ աւարտելէ ետք սիւնհոդոսի «աշխատանքային թղթածրարի» առաջին մասին քննարկումը հայող՝ ճանաչողութեան՝ եկեղեցւոյ ունկնդրութեան մօտէն ճանչնալու համար երիտասարդներուն իրականութիւնը, սիւնհոդոսական հայրերը սկսան քննարկել թղթածրարին երկրորդ մասը՝ «Մեկնաբանել, Հաւատք եւ Կոչումի Զատորոշումը» նիւթին մասին, ուր շեշտը դրուեցաւ «առաջնորդելու ու երիտասարդներուն ընկերանալու» հարկաւորութեան վրայ։

«Տէր ի՞նչ կ՛ուզես որ ես ընեմ»։ Հարցումը որ երիտասարդ Ֆրանչեսքօ Ասսիզացին ուղղեց 13 դարուն «վերաբանալու» համար Աստուծոյ տունը, նոյնն է որ այսօր կը հնչէ երիտասարդներուն սրտին մէջ։ Համապատասխանել Տիրոջ կոչին արդարեւ կը մղէ վերագտնելու կեանքի իսկական իմաստը։ Ասսիզիի աղքատիկ սուրբին եւ այլ սուրբերու օրինակներէն ու վկայութիւններէն մեկնելով է որ սիւնհոդոսական հայրերը ներկայացուցին իրենց զեկոյցները ընդգծելով թէ պատերազմի եւ բախումներու իրողութիւններուն ի տես կարիքը կայ մարդոց ու կիներու որոնք պէտք է շարունակեն առաքելութիւնը՝ ըլլալու ընկերութեան աղը, լոյսն ու թթխմորը։

Այս ծիրէն ներս հոգեւոր առաջնորդութեան ու զատորոշումի արուեստը կը դառնայ անփոխարինելի սակայն այս մէկը պէտք չէ վերապահուի բացառապէս քահանաներուն ու նուիրեալ անձերուն, դիտել կու տան սիւնոհոդսական հայրերը հրաւէր ուղղելով ներգրաւելու նաեւ պատրաստուած ու կազմաւորուած երիտասարդ զոյգեր։

Եթէ երիտասարդ մը հիւրընկալութիւն չընդունիր  կը հեռանայ եւ այլուր կը փնտռէ զայն, ուր մի գուցէ գտնէ իր հարցումներուն սխալ պատասխաներ - նկատել տուին եպիսկոպոսները հաստատելով թէ երիտասարդին առաջնորդը ըլլալու է հաւատալի վկայ մը, որ գիտէ նախ ունկնդրել ապա խրատել։

Սիւնհոդոսական զեկոյցներուն մէջ մատնանշուեցաւ  նաեւ հոգեւոր կեանքը քրիստոնէաբար ապրելու հարկաւորութեան որպէսզի երիտասարդները իրենց հայեացքը միշտ ուղղեն դէպի Աստուած ու կարողանան զատորոշել իրենց կոչումը։ Այս ուղղութեամբ առաջարկ ներկայացուեցաւ ամէն մէկ եկեղեցական գաւառին մէջ հաստատել «երիտասարդներու քարտուղարութիւն» մը որուն նպատակը ըլլայ ուժականութիւն տալ երիտասարդներու հովուական խնամակալութեան, տրուած ըլլալով որ երիտասարդները եկեղեցւոյ ներկան ու անոր ապագան են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2018, 09:31