Եպիսկոպոսական սիւնոհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնոհոդոս 

Երիտասարդներու նուիրուած Եպիսկոպոսներու 4-րդ նստաշրջանի նիւթերը։

Վատիկանի մէջ կը շարունակուին երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսներու 15-րդ սիւնհոդոսին նիստերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 5 հոկտեմբերին՝ առաւօտուն գումարուած եպիսկոպոսներուն 4-րդ նստաշրջանին կեդրոնական նիւթը շարունակուեցաւ հանդիսանալ երիտասարդներուն անսալու կարեւորութիւնը: Այս շրջագիծէն ներս կարեւոր համարուեցաւ  ունկնդրել երիտասարդները, թուայնային աշխարհին ներս։ Կարիք համարուեցաւ սեւեռումի տակ առնել երիտասարդութեան դրական դիմագիծը,  լի հոգեւոր եւ մարդկային հարստութիւններով, ինչպէս  ՝բարեկամութիւնը, զօրակցութիւնը,  կամաւորութիւն, վկայութիւններուն մէջ  հարազատութիւն, համերաշխութեան հրաւէր՝ ուղղուած ընկերային քաղաքացիութեան եւ  կոչ՝ ունենալու աւելի ուրախալիր եւ աւետարանական եկեղեցի մը:

Կառուցողական համեմատութիւն չափահասներու հետ

Այս շրջագիծէն ներս, սիւհնոդասական հայրերը նկատել տուին, որ երիտասարդները չափահասներու հետ երկխօսութիւն կ՝ակնկալեն:  Երիտասարդներուն փափաքն է  սիրալիր եւ յարգալից ընդունելութիւն, առանց ոչ մէկ դատապարտումի,  ընկերանալու համար իրենց կոչումի զատորոշումի գործընթացին։

Ծէսի եւ  Սուրբ խորհուրդներուն կարեւորութիւնը:

Եպիսկոպոսները կարեւոր նկատեցին Սուրբ Պատարագի վերակենդանացումը, առօրեայ աղօթքներու  եւ սուրբ խորհուրդներուն վերաշխուժացումը, թելադրելով զանոնք  գրաւիչ կերպով ներկայացնել,  որպէսզի երիտասարդները մաս կազմեն  եկեղեցւոյ  կեանքին:  Այս ծիրէն ներս կարեւոր համարուեցաւ  ծիսական արարողութիւններէն ներս երաժշտութեան օգտագործումը ինչպէս նաեւ  քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ ուրախալի եւ յուսալից քարոզները...

Քննարկումի նիւթ եղաւ նաեւ երիտասարդներուն մենակեաց կեանք ապրելու հարցը: Եպիսկոպոսները այս առնչութեամբ  հրաւիրեցին  հոգեւոր Հովիւները, չփակուելու  ժողովրդապետութիւններուն մէջ՝ երիտասարդներուն սպասելու նպատակով: Անոնք շեշտեցին  «դէպի դուրս գացող եկեղեցւոյ»  հարկաւորութիւնը, հասնելու համար  երիտասարդներուն,  այն վայրերուն մէջ ու անոնք կը  գտնուին: Բազմաթիւ երիտասարդներ արդարեւ կ՛ապրին թուայնային աշխարհին մէջ ուր կը մշակեն բարեկամութիւններ, սակայն զուրկ են  իսկական բարեկամէ,  ու կ՛ապրին «առանձնութիւնը»,  որուն համար եկեղեցին պէտք է  ճշգրիտ պատասխան տալ:

Եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի միջեւ ուխտը:

Ընտանիքի ոլորտէն ներս եպիսկոպոսները ի յայտ կը դնեն, որ ընտանիքը, երիտասարդներուն առաջին դաստիարակն է,  նամանաւանդ զանոնք  չափահասութեան առաջնորդելու ժամանակ: Ընտանիքը նաեւ նորընծային համար,  դպրոցի առաջին նստարանն է: Քրիստոնեայ ընտանիքի վրայ հիմնուած ընտանեկան կորիզը,  պէտք է  վերարժեւորումի ենթարկուիլ: Անհրաժեշտ է  խոկալ հայրական դիմագիծի վրայ, որ կը նկատուի անկիւնաքարը հաւատքի փոխանցման  եւ զաւակներուն ինքնութեան հասունութեան: Եւ այս պէտք է իրականացուի  մայրական դիմագիծին հետ համագործակցութեամբ եւ ոչ թէ իրար մէջ մրցակցութեան հոգիով

Հիւրընկալել  գաղթականներն  ու փախստականները

Եպիսկոպոսներուն 4-րդ նիստին ընթացքին, ընդգծուեցաւ  նաեւ  գաղթականներուն եւ փախստականներուն հիւրընկալութեան  հարցը,  նկատել տալով որ անոնց մեծամասնութիւնը  երիտասարդներ են  եւ որոնց արժանապատուութիւնը յաճախ ոտնակոխուած է: Եպիսկոպոսները անհրաժեշտ նկատեցին գաղթականներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը,  որպէսզի  անոնք իրենց զիրենք զգան  իսկապէս ընկալուած եւ ներգրաւուած իրենց հիւրընկալուած երկիրներուն մէջ :

Եպիսկոպոսներուն 4-րդ նստաշրջանին առթի խօսք առին նաեւ ունկնդիր 8 երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ որոնք ներկայացուցած զրոյցին մէջ  նկատել  տուին որ  երիտասարդները  պէտք չեն համարուիլ վիճակագրութեան պարզ առականեր: Երիտասարդները կ՝ուզեն մաս կազմել ժամանակակից հարցերու լուծման գործընթացին: Պէտք է  շօշափելի կերպով օգնել երիտասարդները, որպէսզի անոնք  չվտանգուին ժամանակակից աշխարհի աղքատները դառնալու, ենթարկուելով  մնացորդացի մշակոյթին, ի յայտ դրին ելոյթ ունեցող երիտասարդները որոնք ապա հաստատեցին թէ «Երիտասարդներուն երազն է այնպիսի աշխարհ մը ունենալ, որուն մէջ թոյլատրելի է երիտասարդներուն դառնալու  պատմութեան դերակատարներն ու շինարարները,  ծառայութեան եւ ոչ իշխանութեան տեսլականով:

Ունկնդիր երիտասարդները իրենց ներկայացուցած զրոյցին մէջ շեշտեցին նաեւ, որ եկեղեցին մանակապղծութեան դէմ տարած պայքարին մէջ պէտք է աւելի յստակ եւ վճռակամ  ըլլայ որպէսզի Ան դառնայ աւելի հաւատալի։

Ի վերջոյ  կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ կնոջ դերակատարութեան վերարժեւորումը՝ եկեղեցական կեանքէն ներս, որպէսզի իգական սեռը ինքզինքը  քաջալերուած զգայ,   աճելու  Յիսուսի հանդէպ հաւատքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2018, 08:00