Սիւնհոդոսական նիստերու բացում Սիւնհոդոսական նիստերու բացում 

Ընթացք կ՛առնէ երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը

Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսը վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 28 Հոկտեմբերին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 3 հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած համապատարագով սկիզբ կ՛առնէ եպիսկոպոսական 15-րդ սիւնհոդոսը որուն նիւթն է «երիտասարդները, հաւատքը եւ զատորոշումը» եւ որուն աշխատանքային նիստերը կը սկսին յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ մասնակցութեամբ աշխարհի բոլոր երկիներէն ժամանած 267 սիւնհոդոսական հայրերու, որոնց շարքին է նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց՝ Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ որուն առաջին անգամն ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երկու Չինացի եպիսկոպոսներ, յետ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ ստորագրուած ժամանակաւոր պայմանագիրին։

Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը սկիզբ կ՛առնեն՝ աղօթքով ու Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքով ապա Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղար՝ կարդինալ Պալտիսերրիի ելոյթով եւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող՝ Կարդինալ Սերճօ Տա Ռոքայի «աշխատանքային թղթածրարի» ներկայացումով։

Նշենք թէ Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսը վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 28 Հոկտեմբերին։ Անոր պիտի մասնակցին նաեւ, որպէս ունկնդիրներ,  18-29 տարեկան 34 երիտասարդներ։

Ֆրանչիսկոս Պապին գումարած այս երրորդ սիւնհոդոսին նպատակը կը մնայ  «Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան վերանորոգումը մեկնելով անոնց արմատներէն՝ ընտանիքը եւ երիտասարդները որոնք կ՛երաշխաւորեն ապագայի սերունդները» հաստատած էր այս առումով Կարդինալ Պալիսսերրի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2018, 09:10