Եպիսկոպոսական սւինհոդոս Եպիսկոպոսական սւինհոդոս 

«Ունկնդրութիւնը» առանցքը կը կազմէ սիւնհոդոսական Հայրերու ելոյթներուն։

«երիտասարդները այսօր մեզմէ կը պահանջեն հաշտութիւն, մերձեցում եւ «առաջնորդութիւն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ չորեքշաբթի 3 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ ընթացք առած  երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսական  սիւնհոդոսին հինգշաբթի 4 հոկտեմբերի  երկու նիստերու ընթացքին սիւնհոդոսական Հայրերու ներկայացուցած զեկոյցներուն առանցքը կազմեց «ունկնդրութիւնը»։ Մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապին թելադրանքէն թէ «եկեղեցին ունկնդրութեան պարտք ունի» ժողովականները շեշտը դրին այդ ունկնդրութեան պակասի վրայ։ Եկեղեցին մի գուցէ շատ կը խօսի ու քիչ կ՛ունկնդրէ, յատկապէս երիտասարդները, ասոր համար հարկաւոր է նախ եւ առաջ «հոգեւոր դարձ մը», դիտել կու տայ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղար  Հայր Ռոսսանօ Սալան, նշելով թէ երիտասարդներուն նկատմամբ ունկնդրութեան պակասին սկզբնապատճառը մի գուցէ կը գտնուի Աստուած ունկնդրելու պակասին մէջ։ Մենք շատ կը խօսինք Աստուծոյ մասին, սակայն շատ քիչ կը խօսինք անոր հետ», ըսաւ Հայր Սալա եւ այս մէկը  մեզ աւելի նուազ հաւատալի կը դարձնէ աւելցուց Ան հաստատելով թէ «երիտասարդները այսօր մեզմէ կը պահանջեն հաշտութիւն, մերձեցում եւ «առաջնորդութիւն»։

Սիւնհոդոսի բացման արարողութեան առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց որ սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին ամէն հինգ զեկոյցէ ետք՝ երեք վայրկեան լռութիւն պահուի որպէսզի իւրաքանչիւրը խորհրդածէ ու խոկայ լռութեան մէջ, ապա այդ խոկումէն քաղէ առաջադրանքներ։ Այս մասին արտայայտուելով Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարը հաստատեց թէ լռութիւնը հարկաւոր է որպէսզի մեր սրտին մէջ հնչեցնենք խօսքերը զոր ունկնդրեցինք։ Երիտասարդները եւս ծարաւն ունին լռութեան, որպէսզի կարողանան դուրս գալ առօրեայի «ռմբակոծումներէն» ու լռութեան մէջ խորհրդածեն իրենց կեանքին մասին։

«Լռութիւնը հարկաւոր է՝ այնպէս ինչպէս երաժշտութեան մը նուագին մէջ ան  աւելի հաճելի կը դարձնէ եղանակը։ Սիւնհոդոսը արդարեւ հոգեւոր զատորոշումի գործընթաց մըն է որուն մէջ լռութիւնը, խոկումը, կը դառնան ունկնդրութեան պայման ու կարելիութիւն։ «Ապա թէ ոչ արտասանուած բառերը կ՛անձնին ու չեն կրնար տեղ գտնել սրտերուն մէջ» հաստատեց միշտ Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 08:00