Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոս Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոս 

Սիւնոհոդսական հայրերը կը քննարկեն «Աշխատանքային Թղթածրարի» երրորդ ու վերջին բաժինը։

Սիւնհոդոսական 15-րդ նստաշրջանի աւարտին կազմուեցաւ նաեւ Սիւնհոդոսին½ Երիտասարդներուն ուղղելիք նամակին, շարադրող յանձնախումբը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 3 հոկտեմբեր 2018-ին Վատիկանի մէջ սկիզբ առած երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը չորեքշաբթի 17 հոկտեմբերին գումարեց աշխատանքային 15-րդ նստաշրջանը մինչ 18 հոկտեմբերի առաւօտեան գումարուեցաւ 16-րդ նստաշրջանը ու յետ միջօրէի աշխատանքները կը շարունակուին «լեզուային փոքրիկ խումբերու» հաւաքներով որոնց  ընթացքին կը քննարկուին  սիւնհոդոսի «աշխատանքայինն թղթածրարի» երրորդ բաժինի մասին ներկայացուած զեկոյցները։ Երրորդ բաժինը յատկացուած է «Ընտրել – Զատորոշել» նիւթին։

Աշխատանքային նստաշրջաններու ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներու շօշափած նիւթերուն շարքին էր «հասարակաց տան» պահպանումը, զայն անաղարտ փոխանցելու համար նոր սերունդներուն։ Այս ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ թէ «բնութեան յարգանքի պակասը կը յառաջացնէ այլ աղքատութիւն» ու կոչ ուղղուեցաւ փոխելու տնտեսական համակարգը, ի յայտ դնելով  որ եկեղեցւոյ կողմէ մատակարարուած կառոյցները սեփականութիւն չեն այլ դրուած են ի ծառայութիւն աղքատներուն։

Շօշափուած կեդրոնական այլ նիւթերէն մին հանդիսացաւ  «աշխատանքը» որ ընդհանրապէս նկատուած է   եկամուտի աղբիւր թէեւ այս մէկը «կը նուաստացնէ աշխատանքի կարեւորութիւնը ու անորմէ կը խլէ մարդկայնական  չափանիշը» դիտել կու տան եպիսկոպոսները հաստատելով  թէ «Երիտասարդները կ՛երազեն աշխատանք մը որ համապատասխանէ իրենց յատկութիւններուն»։  Ասկէ մեկնելով սիւնհոդոսը կը շեշտէ «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան» կարեւորութիւնը։

Ընդունելով որոշ կղերականներու սխալներն ու դատապարտելով զանոնք եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն աշխարհականներուն աւելիով գործունեայ դառնալու եկեղեցական կեանքէն ներս, իսկական դերակատարներ որոնք կը ձգտին սրբութեան՝ որ է բոլորին կոչումը - կը հաստատեն Սիւնհոդոսական Հայրերը որոնք ապա կը նշեն թէ «Հաւատալի դառնալու համար հարկաւոր է դիմագրաւել մարտահրաւէրները, ընդունիլ սխալները ու ամէն ջանք դափել որպէսզի անոնք չի կրկնուին» որովհետեւ «երիտասարդները  վստահելիութիւն կը պահանջեն, այսինքն արարքներու ու վարդապետութեան միջեւ հաշտ ընթացք մը»։

Առաջարկ ներկայացուեցաւ երիտասարդները ներգրաւելու «թուային աշխարհի» համար բարոյական «սդանտարդներու» մշակման գործընթացին մէջ, անցնելով «երիտասարդներուն համար» ընտրանքէն «երիտասարդներուն հետ»  ընտրանքին։ Ասոր համար «անհրաժեշտ է հեզութիւնը՝ որովհետեւ պէտք է յարգենք երիտասարդները, ունկնդրենք զանոնք, աջակցինք անոնց ուղեւորութեան, առանց  սաստելու զանոնք յատկանշող կիրքերը» կը հաստատեն Եպիսկոպոսները ապա կ՛ակնարկեն «աղանդներու»  տարածումին այս ծիրէն ներս մատնանշելով քրիստոնէականի «վերանորոգումի» կարեւորութեան՝ ներառելով նաեւ երիտասարդները, յատկապէս անոնք որոնք կ՛ապրին ընկերութեան արուարձաններուն մէջ։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ թմրամոլութենէ տառապող երիտասարդներու մասին, հաստատելով թէ եկեղեցին պէտք է պայքար մղէ, միշտ աւելիով տարածուող «մահուան մշակոյթին» դէմ։

Սիւնհոդոսական հայրերուն հայեացքը ուղղուեցաւ նաեւ Երիտասարդներու Համաշխարհային հաւաքներուն, որոնք հանդիպումի պահեր են ու կը ներկայացնեն դէպի դուրս եկեղեցւոյ մը իրականութիւնը։ Խօսքը կեդրոնացաւ նաեւ երիտասարդ կիներու վրայ ու եկեղեցական կեանքէն ներս անոնց դերը արժեւորելու կարեւորութեան վրայ։

Սիւնհոդոսական 15-րդ նստաշրջանի աւարտին կազմուեցաւ նաեւ Սիւնհոդոսին Երիտասարդներուն ուղղելիք նամակին՝ շարադրող յանձնախումբը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2018, 13:58