Սիւնհոդոսական նիստերը Սիւնհոդոսական նիստերը 

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի 11-րդ նստաշրջանը։

Կոչումը կը ծնի Յիսուսին հետ հանդիպումէն ու կարիքը ունի հասունութեան ու այդ հասունութիւնը կ՛անցնի զատորոշումէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ երիտասարդներուն մասին գումարուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը կը շարունակէ իր աշխատանքները ու 15 հոկտեմբերի յետմիջօրէին գումարուեցաւ 11-րդ ընդհանուր նստաշրջանը որուն ընթացքին քննարկուեցան «փոքրիկ խումբերու» սիւնհոդոսական աշխատանքային թղթածրարի երկրորդ բաժնի մասին պատրաստած զեկոյցները։

«Կոչումին պատասխանը ուրախութիւն  ու վտանգել է,  որովհետեւ հաւատքը արկածախնդրութիւն է ու Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է օգնել երիտասարդները՝ յառաջ ընթանալու համար իրենց ուղեւորութեան մէջ»  այս գիտակցութեամբ է որ սիւնհոդոսական հայրերը ներկայացուցին իրենց զեկոյցները ուր շեշտը դրին կոչումին վրայ, որ տիեզերական է եւ որուն կանչուած են բոլորը, յատկապէս սրբութեան կոչումը որ կը նշանակէ՝ կեանքը նուիրել, ուրախութեամբ։

Կոչումը կը ծնի Յիսուսին հետ հանդիպումէն ու կարիքը ունի հասունութեան ու այդ հասունութիւնը կ՛անցնի զատորոշումէն, որով երիտասարդները կը վերագտնեն իրենց ինքնութիւնը ու կը գիտակցին իրենց կարողութեան ու այն սատարին որ կարող են ու պարտաւոր են նուիրել եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան։

«Ամէն մէկ երիտասարդի մէջ Եկեղեցին կը բացայայտէ իր ներկայութիւնը, ասոր համար պէտք է խորացնել կապը ընդմէջ Քրիստոսի եւ երիտասարդութիւն» կը հաստատեն սիւնհոդոսական հայրերը, շեշտը դնելով «հաւատալի վկայութիւններու վրայ», որոնք առիթ կ՛ընծայեն երիտասարդներուն ազատօրէն համապատասխանելու Տիրոջ կոչին։  Իսկական կոչումը արդարեւ պարտադրանք մը չէ՝ այլ հրաւէր։ Ուստի հովիւները պէտք է գիտնան խթանել հաւատքի հաստատ ճանաչողութիւն մը, եղբայրութեան ուրախութիւնը ու աղօթքի հաճոյքը՝ ինչպէս նաեւ աւետարանական կեանքի վկայութեան իղձը։ Այս մէկը կատարել պաշտպանելով անձինք չարաշահումներէն, ըլլան անոնք իշխանութեան կամ ֆիզիկական չարաշահում։

Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է արժեւորել երիտասարդներուն ուժականութիւնը ու թիկունք կանգնիլ անոնց տկարութիւններուն։ Բոլոր երիտասարդները արդարեւ պարգեւ մըն են, ըլլան անոնք տկար կամ զօրեղ, առանձին, միասեռական հակումներով…եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է առաջնորդել բոլորը եւ օգնել զանոնք՝ իմաստ տալու համար իրենց կեանքին, վերագտնելով Աստուծոյ նշանները, որպէսզի իւրաքանչիւրը կարողանայ աշխատիլ ի նպաստ իսկական եկեղեցւոյ մը կառուցումին։

Այս մէկը ընելու համար հարկաւոր է խօսիլ երիտասարդներու ոճով։ Անոնք արդարեւ լաւապէս կը հասկնան ու կը գուշակեն թէ ո՞վ իրենց մօտիկ է եւ ով հեռու։ «Ո՞վ կը խօսի իրենց սրտին, իրենց յոյս ու բարիք պարգեւելով եւ ով ոչ», դիտել տուին  սիւնհոդոսական հայրերը որոնք ապա ակնարկեցին կիրակի 14 հոկտեմբերին սուրբ Պետրոսի մէջ սրբադասուած Սուրբ Պօղոս Զ Պապին, որուն «հաւատքի հայեացքը հանդէպ երիտասարդներուն ու ժամանակակից աշխարհի հետ երկախօսութեան յանձնառումը կը յիշեցնեն  որ ամէն մէկ կեանք կոչում մըն է, ու թէ եկեղեցւոյ կ՛ իյնայ վերահաստատել կապը ժամանակակից մարդուն հետ։ Ասկէ մեկնելով առաջարկուեցաւ սիւնհոդոսական հարերուն եւ սիւնհոդոսին մասնակցած երիտասարդներուն ուխտագնացութիւն մը դէպի Սուրբ Պետրոսին դամբանը, որուն կազմակերպութիւնը յանձնուեցաւ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետակն խորհուրդին եւ որ նախատեսուած է յառաջիկայ 25 հոկտեմբերին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2018, 10:53