Սիւնհոդոսական դահլիճ Սիւնհոդոսական դահլիճ 

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսը. «Կոչումը կը ծնի հասարակութեան մէջ»

Երիտասարդներուն պէտք է դաստիարակել սիրելու աղքատները ու կերտելու նոր մարդկայնութիւն մը՝ ձգտելով ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու յարգանքին ու կեանքի մշակոյթի խթանումին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 11 հոկտեմբեր 2018-ին,  Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ սիւնհոդոսական հայրերը՝  գումարեցին իրենց 9-րդ  եւ 10-րդ աշխատանքային նիստերը, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Նիստերու ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ «աշխատանքային թղթածրարի» երկրորդ մասը՝ հայող «Մեկնաբանել, Հաւատք եւ Կոչումի Զատորոշումը» նիւթին, որուն ծիրէն ներս Սիւնհոդոսական հայրերը ակնարկեցին երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան մասին, ուր՝ ըսին անոնք, տարեցներու երազանքը ու երիտասարդներուն տեսլականը իրար հետ համատեղ պէտք է  յարաբերին ու ասկէ մեկնելով անդրադարձ կատարուեցաւ երիտասարդները աւելի պատասխանատու դարձնելու հրամայականի մասին ու զանոնք եկեղեցւոյ կեանքէն ներս աւելիով ներգրաւելու հարկաւորութեան մասին, որպէսզի իրենք դառնան ապագայի երազողները։

Երիտասարդներուն պէտք է դաստիարակել սիրելու աղքատները ու կերտելու նոր մարդկայնութիւն մը՝ ի դէմ արմատացած  անհատականութեան, ձգտելով ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու յարգանքին ու կեանքի մշակոյթի խթանումին։ Այս ծիրէն ներս Եպիսկոպոսները նշեցին թէ Ընտանիքը կը մնայ կեանքի եւ կոչումի օրրանը, ու թէ կոչումի մը առաջին նշանները կը բացայայտուին ընտանեկան կեանքէն ներս, եւ ասոր համար անհրաժեշտ նկատեցին որ ծնողները ժամանակ գտնեն իրենց զաւակներուն հետ խաղալու համար, «որպէսզի հասկնան անոնց ձգտումները ու օգնեն անոնց իրենց ուղեւորութեան մէջ» յանձնարարեցին սիւնհոդոսական հայերը որպէս տիպար ներկայացնելով Յիսուսը եւ Էմմաւուս գացող աշակերտները, այսինքն «միասին քալելը»։

Ըլլալ մօտիկ երիտասարդներուն, ժամանակ տրամադրել անոնց, բորբոքելով անոնց սրտերը։ Այս ծիրէն  ներս հարկաւոր կը նկատուի լաւապէս ճանչնալ նաեւ թուային աշխարհը ուր երիտասարդները շատ անգամ կը գտնեն ապաստան եւ «ազատութիւն», թէեւ իսկական ազատութիւնը կը գտնուի միայն Յիսուսի սրտին մէջ,  նշեցին եպիսկոպոսները, այն գիտակցութեամբ թէ հարկաւորութիւնը կայ որ մէկը երիտասարդներուն ցոյց տայ այդ իսկական ազատութեան ճանապարհը։

Սիւնհոդոսական հայրերը ապա յատուկ անդրադարձ  կատարեցին հալածուած քրիստոնեայ երիտասարդներու մասին ու բազմաթիւ այն քահանաներուն որոնք սպաննուեցան որովհետեւ իրենց առաքելութիւնը եղած էր պաշտպանել երիտասարդները. Անոնց համար մաղթանք յայտնուեցաւ ոչ միայն նիւթական օգնութիւն այլ եւ ամէնէն առաջ մօտիկութիւն եւ հոգեւոր աջակցութիւն ցուցաբերելու։

Ի վերջոյ նշենք թէ 3 -28 հոկտեմբեր երկարող սիւնհոդոսի ընթացքին նախատեսուած է ամենօրեայ Մամլոյ Ասուլիս մը, որուն ամէն օր կը մասնակցին սիւնոհոդսական հայրեր ու սիւնհոդոսին մասնակցող երիտասարդ ունկնդիր անդամներ ։

Հինգշաբթի 11 հոկտեմբերի մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Ւտալացի Գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ, Քորէացի Գերապայծառ Լածարօ Եու Հէունկ սիք եւ հնդկաստանէն երիտասարդ Փերսիվալ Հոլթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2018, 13:50