«Ճանապարհորդութիւնը  Բաժնեկցիր» «Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր» 

«Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր» համընդհանուր ուխտագնացութիւն։

«Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր» ծրագիրը կ՛ուզէ քաղաքացիները մօտեցնել գաղթականներուն ու հակազդել ատելութեան ու վախի զգացումին

Յառաջիկայ 21 հոկտեմբեր 2018-ին, Միջազգային Քարիթասի նախագահ Կարդինալ Լուիս Թակլէ ձեռնարկած է «Ճանապարհորդութիւնը  Բաժնեկցիր» համընդհանուր ուխտագնացութիւն մը որուն նպատակն է «հակազդել ատելութեան, ընթանալով գաղթականներու եւ փախստականներու կողքին»։ Ծիրանաւորը այս առթիւ հրաւէր կ՛ուղղէ աշխարհի բոլոր քաղաքացիներուն հակազդելու ատելութեան ու վախին ու մասնակցելու մէկ միլիոն քմ երկարութեամբ քայլարշաւի մը, մօտիկ ըլլալով գաղթականներուն ու փախստականներուն։ Ձեռնարկի մեկնարկը նախատեսուած է յառաջիկայ կիրակի՝ 21 Հոկտեմբեր 2018-ին Հռոմի մէջ։

«Ճանապարհորդութիւնը  Բաժնեկցիր»  ծրագիրը կ՛ուզէ քաղաքացիները մօտեցնել գաղթականներուն այս առթիւ կազմակերպուած զանազան մշակութային ու հանդիպումի ձեռնարկներու միջոցաւ։

Մեր այս բաժանումներով յատկանշուած դարաշրջանի ամենամեծ մարտահրաւէրը այն է հակառակիլ վախի եւ ատելութեան հռետորաբանութեան՝ սիրոյ, ազնուութեան ու ողորմութեան գործերով» հաստատած է այս առթիւ Կարդինալ Թակլէ աւելցնելով որ «գաղթականներուն հետ քալելով անոնց մէջ կը ճանչնանք եղբայր ու քոյր մը ու նաեւ մենք մեզ» ապա «միացած ըլլալով կը ձգտինք ապագայի մը որ լի է խաղաղութեամբ» որովհետեւ, նկատել կու տայ Կարդինալ Թակլէ «իսկական փոփոխութիւնը կը սկսի մեր սրտերէն ու մեր հասարակութիւններէն ու այդ առաջին քայլէն որ միասին կ՛ուղղենք դէպի գաղթականը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 09:45