Որոնել

Սիւնհոդասական հայրերը: Սիւնհոդասական հայրերը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 հոկտեմբերին թուիթը: Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը՝ երիտասարներուն անսալու եկեղեցւոյ նշանն է:

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին:

Չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ, քահանայապետական «թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակելով նոր թուիթ մը անդրադարաձաւ Վատիկանի մէջ գումարուած երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսին: Ան նկատել տուաւ որ յիշեալ եպիսկոպոսներուն սիւհնոդոսով , եկեղեցին ամողջութեամբ կը տրամադրուի անսալու երիտասարդներուն, հաւատացելաներուն ձայնին, դիտել տալով որ եկեղեցին չունի կանխամտածուած, կանխապատրաստուած տալիք պատասխաններ:

«Այս սիւնհոդոսը կ՝ուզէ ըլլալ նշանը այն եկեղեցւոյ, որ տրամադիր է անսալու, եւ որ միշտ ալ կանխապատրաստուած պատաախաններ չունի:» Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2018, 13:30