Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, «թուիթըրի» Քահանայապետական ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց նոր թուիթը մը, որուն մէջ նկատել տուաւ որ Աւետարանի նորութիւնը մեզ ներքնապէս ու արտաքնապէս կը կերպարանափոխէ: Ան կը կերպարանափոխէ մեր ոգին, հոգին ինչպէս նաեւ մեր մարմինն ու առօրեայ կեանքը գրեց Նորին Սրբութիւնը:
«Աւետարանի նորութիւնը մեզ կը կերպարանափոխէ, ներքինը եւ արտաքինը. ոգին, հոգին, մարմինը եւ առօրեայ կեանքը»: