Որոնել

Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացցի սրբանկարը Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացցի սրբանկարը  (© Musei Vaticani)

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին տօնին առթիւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց կարդալ Աւետարանը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիին տօնին առթիւ, հինգշաբթի, հոկտեմբեր 4-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ ոգեկոչելով Ասիզացի Սուրբը, որ իր երիտասարդութեան դժուար պահերուն Աւետարանը կարդաց, հրաւիրեց այսօր եւս կարդալ աւետարանը, որովհետեւ աւետարանին մէջ կենդանի Յիսուսը կը ճանչնանք, որուն խօսքերը, սրտի խօսող եւ կեանք փոխող խօսքեր են:

«Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացին իր երիտասարդութեան վճռական պահուն, կարդաց Աւետարանը: Այսօր եւս, Աւետարանը կը ճանչցնէ կենդանի Յիսուսը, քու սրտիդ կը խօսի եւ քու կեանքդ կը փոխէ» գրեց Նորին Սրբութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2018, 11:17