Որոնել

Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժի  աղէտներէն առնուած լուսանկար Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժի աղէտներէն առնուած լուսանկար  

Ֆրանչիսկոս Պապ 100 հազար տոլար տրամադրեց Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն:

ֆրանչիսկոս Պապի տրամադրած գումարը պիտի բաշխուի, բնական աղէտէն ամենէն շատ տուժուած շրջաններուն մէջ , համագործակցութեամբ Ինտոնեզիոյ մէջ Պապական նուիրակին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես Ինտոնեզիոյ մէջ ծովաշարժի եւ ուժգին երկրաշարժի պատճառած բազմաթիւ զոհերուն, որ մինչեւ այսօր արձանագրուած են աւելի քան 1500 զոհեր եւ ի տես Ինտոնեզիոյ մէջ Սոփութան լերան հրաբուխի լաւային հոսքին, որ կը վտանգէ, արդէն երկրաշարժէն տուժած հազարաւոր անձերուն կեանքը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Մարդկային համապարփակ խթանման ժողովի միջոցաւ, 100 հազար տոլար տրամադրեց, Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժի թիրախ զոհերուն: Այս մասին յայտնած է մարդկային համապարփակ խթանման ժողովի գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, յիշեալ նիւթական նպաստը նկատելով Նորին Սրբութեան հոգեւոր նեցուկի արտայայտութիւնը ինչպէս նաեւ հայրական քաջալերանքը, Ինտոնեցիոյ բնակչութեան:

Այս առթիւ հրապարակուած Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ֆրանչիսկոս Պապի տրամադրած գումարը պիտի բաշխուի, բնական աղէտէն ամենէն շատ տուժուած շրջաններուն մէջ , համագործակցութեամբ Ինտոնեզիոյ մէջ Պապական նուիրակին:

Յիշեցնենք, թէ անցեալ Սեպտեմբեր 30-ին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը յատուկէն յիշեց Ինտոնեզիայի երկրաշարժի եւ ծովաշարժի զոհերը հրաւիրելով աղօթել անոնց համար եւ Աստուծմէ հայցելով սփոփանք եւ մխիթարութիւն, ինչպէս նաեւ ուժ ու կարողութիւն շտապ օգնութեան փութացող կամաւորներուն:

Մարդկային համապարփակ խթանման ժողովի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան աւարտին նշուած է թէ, բաժանմունքի սոյն նպաստը, որ կ՝ընկերանայ Քահանայապետի աղօթքին՝ ի նպաստ Ինտոնեզիոյ սիրելի ժողովուրդին, մաս կը կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ հանգանակուած նիւթական նպաստի ծրագիրներուն, որոնք կը ներգրաւեն նաեւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերն ու բազմաթիւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2018, 11:57