Ֆրանչիսկոս Պապ Վարդարանի Եկեղեցւոյ գերեզմանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Վարդարանի Եկեղեցւոյ գերեզմանի մէջ  (Ossevatore Romano)

2 Նոյեմբերին Լատինաց Օր Մեռելոցի առթիւ Քահանայապետը կ՛այցելէ «Լաուրենթինօ» գերեզմանը։

«Ծաղիկ մը զետեղել շիրիմի մը վրայ նշան է յոյսի եւ հաւատքի»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի թեմին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի թէ յառաջիկայ 2 նոյեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լատինաց մօտ օր մեռելոցի  առթիւ Հռոմի Լաուրէնթինօ գերեզմանատան մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Լաուրէնթինօ գերեզմանատունը Քահանայապետին այցելած չորրորդ գերեզմանն է։  Ընտրութենէն ի վեր Ֆրանչիսկոս Պապ երեք անգամ այցելեց «Վերանօ» գերեզմանը՝ 2013,2014 եւ 2015 տարիներուն, ապա 2016-ին այցելեց «Փրիմա Փորթա» գերեզմանը, հուսկ 2017-ի Օր Մեռելոցի պատարագը մատոյց «Նեթթունօ» քաղաքի ամերիկեան գերեզմանատան մէջ։

Գերեզման ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի Հռոմի Թեմին տեղապահ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Տէ Տոնադիսի ու շրջանի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Փաոլօ Լոյուտիչէի կողմէ, ընկերակցութեամբ գերեզմանի մատրանապետ՝ գերապայծառ Քլատուիօ Փալմայի։

Նշենք թէ օր մեռելոցը կանխող Ամենայն Սրբոց տօնի եւ օր մեռելոցին առթիւ Հռոմի Քահանայապետական թեմը 1 եւ 2 նոյեմբերին կազմակերպած է յատուկ ձեռնարկներ՝ որոնց ծիրէն ներս նաեւ փոքրիկ աղօթագիրք մը զոր կամաւորները պիտի բաժնեն գերեզմաններու մուտքին։ Աղօթագիրքին մէջ նշուած է հետեւեալը «ծաղիկ մը զետեղել շիրիմի մը վրայ նշան է յոյսի եւ հաւատքի։ Այդ կը նշանակէ թէ մեր սրտին մէջ կայ վստահութիւնը կամ առ նուազն իղձը՝ որ այդ չոր հողը օր մը պիտի վերածաղկի ու մեր սիրելիներուն վերադարձնէ կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2018, 08:01