Որոնել

Եկրաշարժի հետեւանքով աւերներ Եկրաշարժի հետեւանքով աւերներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին խոր ցաւը Թրինիտատ եւ Թոպակօ քաղաքներուն մէջ երկրաշարժներու պատճառած զոհերուն ի լուր:

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի Պետական քարտուղարի ցաւակցական հեռագիրը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Թրինիտատ եւ Թոպատօ քաղաքներու մէջ արձանագրուած, երկրաշարժի եւ ողողումներուն պատճառած զոհերուն ի լուր, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին յղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ գրած է.  
«Իմանալով Թրինիտատ եւ Թոպակօ քաղաքներուն մէջ, ծանր երկրաշարժներու եւ ողողումներուն պատճառած նիւթական եւ մարդկային կորուստներուն տխուր լուրը,  ֆրանչիսկոս Պապ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ, բոլոր անոնց որոնք տուժուած են բնական աղէտներէն: Ան կը քաջալերելէ քաղաքացիական իշխանութիւնները ինչպէս նաեւ շտապ օգնութեան հասնող կամաւորները հայցելով անոնց վրայ Աստուածային շնորհքի եւ զօրութեան օրհնութիւնները:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2018, 15:29