Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրա 

Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրան ստանձնեց իր պաշտօնը։

Իր այս նոր պաշտօնի առաջին օրուան առթիւ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը՝ գերապայծառ Փարրան ներկայացուցին Պետական քարտուղարութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 15  հոկտեմբեր 2018-ին գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրան ստանձնեց իր Պետական քարտուղարութեան Ընդհանուր  հարցերու եւ գործերու տեղակալի պաշտօնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ զայն այս պաշտօնին վրայ  նշանակած էր անցեալ 15 օգոստոս 2018-ին։ 

Իր այս նոր պաշտօնի  առաջին օրուան առթիւ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը՝ գերապայծառ Փարրան ներկայացուցին Պետական քարտուղարութեան։

Գերապայծառ Փարրա ծնած է Վենեզուելլայի Մարաքայպօ քաղաքին մէջ՝ 6 մարտ 1960-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 23 օգոստոս 1985-ին ապա Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մարմնին անդամակցած է 1993-ի ապրիլ մէկին։ Ծառայած է Քենիայի եւ Եուկոսլավիայի Քահանայապետական ներկայացուցչութիւններուն մէջ ապա  Ժընեւի ՄԱԿ-ի Քահանայապետական գրասենեկային մէջ հուսկ Հարաւային Ափրիկէի, Հոնտուրասի եւ Մեքսիքայի պապական նուիրականութիւններուն մէջ։

5 Փետրուար 2011 ընդունած է եպիսկոպոսական օծումը ապա պաշտօնավարած է Փաքիստանի մօտ՝ 2001էն մինչեւ 2014, որպէս առաքելական նուիրակ, մինչ 2015էն ի վեր կը վարէր Մոզանպիքոյի մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։ Կը խօսի սպաներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալներէ եւ խրուաթերէն։

Պետքարտուղարութեան ընդհանուր գործերու տեղակալին կ՛իյնայ  հսկել Քահանայապետին հայող առօրեայի ծառայութեան  ընդհանուր գործունէութեան վրայ. Խթանել Հռոմի Քուրիայի զանազան բաժանմունքներու միջեւ յարաբերութիւնները ու համադրել անոնց աշխատանքը ապա « առաքելական սահմանադրութիւնները շարադրել ու զանոնք ուղարկել, ի մէջ այլոց նաեւ քահանայապետական նամակները, առաքելական թուղթերը ու այլ պաշտօնական թղթածրարները», զոր Քահանայապետը Անոր կը յանձնէ։ Ան  կը զբաղի նաեւ Հռոմի Քուրիայէն ներս տեղի ունեցող անուանումներուն հայող գործընթացով ու պատասխանատուն է  պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն՝ հայող Քահանայապետին ու Սուրբ Աթոռին։

Ընդհանուր Գործերու գրասենեակին կ՛իյնայ նաեւ կազմակերպել Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 14:24