Որոնել

Խաղաղութեան լրագրութիւն Խաղաղութեան լրագրութիւն 

«Խաղաղութեան լրագրութեան» հայող Միջազգային գիտաժողով։

Ձեռնարկին նպատակն է խորացնել խաղաղութեան լրագրութեան նիւթը որուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նուիրած էր 2018-ի Ընկերային հաղորդակցութեան օրուան պատգամը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ  Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքին եւ Սինյիս ընկերակցութեան, յառաջիկայ շաբաթ 13 հոկտեմբերին, Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետի եւ Երանելի Գերապայծառ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերոյի սրբադասման արարողութեան նախօրեակին՝ Վատիկանի մէջ կազմակերպուած է  կրկնակի ձեռնարկ մը՝ հայող «խաղաղութեան լրագրութեան»։

Ձեռնարկին նպատակն է խորացնել  խաղաղութեան լրագրութեան նիւթը որուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նուիրած էր 2018-ի Ընկերային հաղորդակցութեան օրուան պատգամը, զայն կապելով ապագայ վերոնշեալ սուրբերուն որոնք եղան խաղաղութեան իսկական վկաներ։

Ձեռնարկը ունի միջ մշակութային եւ միջ կրօնական բնոյթ՝ ընդգծելու համար այդ խաղաղութեան լրագրութեան յատկութիւնը։

Ձեռնարկին բացումը կը կատարեն Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչը Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի եւ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի կառավարիչը՝ կարդինալ Փիթէր Ափփիա Թուրքսոնը։ Առաւօտեան նախատեսուած է կլոր սեղան մը մինչ յետմիջօրէին շեշտը պիտի դրուի «Ի՞նչ ապագայ խաղաղութեան լրագրութեան համար» նիւթին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2018, 10:30