Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի նախագահութեամբ «Քորէական թերակղզիին նուիրուած Խաղաղութեան պատարագ»։

«Խաղաղութիւնը այսօրուայ աշխարհին համար առաքելութիւն մըն է» ըսաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուած տիեզերքի արարիչ՝ մարդկութեան պարգեւէ իսկական խաղաղութեան պարգեւը որպէսզի ան կարենայ առանց ստուերներու ուրախութեան մը մէջ ճանչնալ Քու ողորմութիւնդ»։ Այս եղաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝  կարդինալ Փիեթրօ Փարլինին աղօթքը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, 17 հոկտեմբերի 2018-ի երեկոյեան  նախագահած Քորէական թերակղզիին նուիրուած Խաղաղութեան սուրբ պատարագին առթիւ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հարաւային Քորէայի նախագահ՝ Մուն Թայն Մունը որ այսօր կէսօրին հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, որուն ընթացքին նախատեսուած է որ նախագահը Քահանայապետին յանձնէ Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ունի մէկ պատգամը։

Կարդինալ Փարոլինի քարոզին առանցքը կազմեցին  Յիսուսին խօսքերը «Խաղաղութիւն ձեզի» երբ Յարութենէն ետք երեւեցաւ աշակերտներուն ապա վերջին ընթրիքի պահուն Անոր արտասանած բառերը «խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ոչ ինչպէս աշխարհը կու տայ ձեզի. Թող չի խռովին ձեր սրտերը, մի վրդովիք»։

«Խաղաղութիւնը զոր Տէր կը պարգեւէ մարդու սրտին. այն հոգեւոր խորհուրդն է որ  Խաչին զոհաբերումը կը միացնէ Յարութեան նորոգող ուժին» ըսաւ կարդինալ Փարոլին մատնանշելով «դժուար կացութեան որուն մէջ աշխարհը կ՛ապրի այսօր եւ որուն համար անհրաժեշտ է միշտ Աստուծէ հայցել խաղաղութեան պարգեւը», յարեց Ծիրանաւորը ակնարկելով յատկապէս Քորէական թերակղզիին ուր տառապանքի եւ ատելութեան երկար տարիներէ ետք վերջապէս կարելի է հնչեցնել խաղաղութիւն բառը - աւելցուց Ան ու կեդրոնացաւ խաղաղութիւն բառի իմաստին վրայ։ «Բարի կամք ունեցող մարդոց համար ան կը կառուցուի ամէն օր, առօրեայի ընտրանքներով ի ծառայութիւն արդարութեան, զօրակցութեան ու մարդկային իրաւունքներու ու արժանապատուութեան խթանումին» ըսաւ Վատիկանի Պետքարտուղարը աւելցնելով թէ «քրիստոնեաներուս համար խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ պարգեւ մըն է որ կու գայ վերէն՝ Աստուծմէ։ Առ աւելին անիկա յայտնութիւն է Աստուծոյ ներկայութեան՝ խաղաղութեան Իշխանին» ընդգծեց Կարդինալ Փարոլին  մատնանշելով նաեւ խաչի ճանապարհով ընդունուած խաղաղութեան ու այս ուղղութեամբ դիտել տալով թէ« քրիստոնէական հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ թէ «առանց խաչի խաղաղութիւն մը Յիսուսին խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ»։

Ծիրանաւորը ակնարկեց հուսկ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի թելադրանքին «աշխարհը դաստիարակելու խաղաղութեան սիրոյն, խաղաղութեան կառուցման ու անոր պաշտպանութեան ու ժամանակակից մարդոց մէջ հրահրելու սէրն ու իմաստը՝ խաղաղութեան մը որ հիմնուած ըլլայ ճշմարտութեան, արդարութեան, ազատութեան ու սիրոյ վրայ»։

Քարոզի աւարտին Կարդինալ Փարոլին հայցեց Տիրոջմէ շնորհքը որպէսզի խաղաղութիւնը ըլլայ այսօրուայ աշխարհին մէջ առաքելութիւն, մինչ սուրբ զոհի աւարտին Քորէայի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Փարոլինին ու յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին որ «իր աղօթքներով թիկունք կանգնեցաւ երկու Քորէաներու մօտեցումի քայլերուն» ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2018, 08:56