«Հրաշքներու Տէրը» Սրբանկարը «Հրաշքներու Տէրը» Սրբանկարը 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի առթիւ Քահանայապետը կ՛օրհնէ «Հրաշքներու Տէրը» սրբանկարը։

Սրբանկարը Սուրբ Պետրոսի հրապարակ կը ժամանէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայէն առաւօտուն մեկնած թափօրով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կիրակի 21 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի օրհնէ «Հրաշքներու Տէր» սրբանկարը, ի ներկայութեան բազմահազար փերուվացիներու ու Լատին Ամերիկացիներու»։ Լուրը կը հաղորդէ Փերուի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը, դիտել տալով նաեւ թէ այս առթի՝ւ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ՝ գերապայծառ Միկել Քապրէոսը, Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ։

Սրբանկարը Սուրբ Պետրոսի հրապարակ կը ժամանէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայէն առաւօտուն մեկնած թափօրով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2018, 10:53