Ֆրանչիկոս Պապ  Սուրբ Ֆրանչիկոս Ասիզացցին մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիկոս Պապ Սուրբ Ֆրանչիկոս Ասիզացցին մայր տաճարին մէջ 

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին տօնը

Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացին աղքատութեան, խաղաղութեան մարդ, մարդ մը որ կը սիրէ եւ կը պահպանէ արարչագործութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 4-ին,  տօնն է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէ սահմանուած է «յոյսի մեծ առաքեալ»: Այս առթիւ Սուրբին սրբավայրին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագէն ետք Իտալիոյ Վարչապետը հանդէս կու գայ պատգամով մը ուղղուած Իտալիոյ համայն ազգին, տրուած ըլլալով, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը նաեւ Ւտալիոյ պաշտպան սուրբն է։

Պատարագը պիտի նախագահէ Նափոլի թեմին արքեպիսկոպոսը կարդինալ Քրէշէնզօ Սեփեն, մասնակցութեամբ Քամփանիա մարզի եպիսկոպոսներուն, Ասիզզի թեմի եպիսկոպոսին, Գերապայծառ Լուիճի Տի Մաճիսդիս եւ Ֆրանչիսկեան ընտանիքի կղերականներուն:

Յաւարտ Սուրբ պատարագի, աւանդութեան համաձայն Նափոլի քաղաքի քաղաքապետը կը վառէ «Իտալիոյ քաղաքապետարաններուն ուխտի» ճրագը:

Յիշեցնենք թէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, քահանայապետ ընտրուելէ մի քանի օր ետք, 16 մարտ 2013-ին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով ֆրանչիսկոս անուանակոչուելու իր ընտրանքին մասին, Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացին նկատեց աղքատութեան, խաղաղութեան մարդ, մարդ մը որ կը սիրէ եւ կը պահպանէ արարչագործութիւնը:

Սրբազան Հայրը իր քահանայապետական վարդապետութեան 5 տարիներուն ընթացքին Սուրբ Ասիզացին ոգեկոչեց, որպէս այն սուրբը, որ յայտնաբերել կու տայ աղքատութեան եւ աւետարանական ուղեւորութեան ընդմէջ գոյացուած սերտ կապը: Սուրբ Ֆրանչիսկոսին համար, իսկական խաղաղութիւն ստացողները՝ լոկ Յիսուսի հետեւորդներն են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2018, 09:13