Որոնել

«Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր» «Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր»  

Կարդինալ Թակլէին հրաւէրը մասնակցելու «Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր» համաշխարհային ուխտագնացութեան։

«Առաջին քայլ մը կառուցելու համար միշտ աւելիով միացած ու ներառող ընկերութիւններ»։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Միջազգային Քարիթասի նախագահ Կարդինալ Լուիս Թակլէ հրաւէր կ՛ուղղէ աշխարհի բոլոր հասարակութիւններուն եւ քաղաքացիներուն ատելութիւնն ու վախը հակազդելու 1 միլիոն երկարութեամբ զօրակցութեան  համաշխարհային քայլարշաւով մը՝ գով գովի գաղթականներուն ու փախստականներուն հետ միասին։

«Բաժանումներով յատկանշուած մեր դարաշրջանի ամենամեծ մարտահրաւէրը, ըսաւ Կարդինալ Թակլէ,  հակառակիլն է վախի եւ ատելութեան հռետորաբանութեան, սիրոյ, ազնուութեան ու ողորմութեան գործերով, այնպէս ինչպէս առաջարկած ենք մեր այս «Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր» քարոզարշաւով»։

Միջազգային Քարիթասի նախագահը սոյն համաշխարհային ուխտագնացութեան սկիզբ պիտի տայ կիրակի 21 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան 10.15 անց, Հռոմի «Թրասթեվերէ» թաղամասի Լոյսի Տիրամօր եկեղեցւոյ առջեւ, ուրտեղէն կը մենի քայլարշաւը ու կը հասնի մինչեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։

Նշենք թէ այս առթիւ աշխարհի 160 երկիներու մէջ եւս տեղական Քարիթասները կազմակերպած են  նման ձեռնարկներ։

Միջազգային Քարիթասի «Ճանապարհորդութիւնը Բաժնեկցիր»  ծրագիրին  մեկնակը կատարեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 27 սեպտեմբեր 2017-ին։ Ծրագիրը ունի երկու տարուայ տեւողութիւն, որուն  նպատակն է համապատասխանել Սրբազան Քահանայապետին «Հանդիպումի մշակոյթին» ի սպաս ուղղած  զօրեղ պատգամին, դիւրացնելով դրական մօտեցումն ու շփումը ընդմէջ գաղթականներուն ու տեղական բնակչութեան։ «Առաջին քայլ մը կառուցելու համար միշտ աւելիով միացած ու ներառող ընկերութիւններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2018, 11:58