Որոնել

Կարդինալ Փարոլին եւ Քորէայի նախագահը Կարդինալ Փարոլին եւ Քորէայի նախագահը 

Կարդինալ Փարոլինը կը հաստատէ թէ Քահանայապետը տրամադիր է Հիւսիսային Քորէան այցելել։

«Այսպիսի ճամբորդութիւն մը կարիքը ունի լուրջ պատրաստութեան եւ ՀիւսիսայինՔորէայի նախագահի խնդրանքը առաջին քայլ մըն է»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Հինգշաբթի 18 հոկտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Քորէայի  հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Մուն Ժայեյին, որուն հետ քննարկեց զանազան հարցեր որոնց շարքին նաեւ Քորէացիներու միջեւ երկխօսութեան ու հաշտութեան խթանումը։ Հանդիպման առթիւ Քորէայի նախագահը Քահանայապետին յանձնեց Հիւսիսային Քորէայի նախագահ՝ Քիմ Եոնկ Ունի մէկ պատգամը որուն մէջ ան փափաք յայտնած է որ Քահանայապետը  Հիւսիսային Քորէան այցելէ։ 

Այս ուղղութեամբ ուղղուած մէկ հարցումին Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ չորեքշաբթի 17 հոկտեմբերի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ պատարագ մատոյց նուիրուած՝ Քորէական Թերակղզիի հաշտութեան, հաստատեց թէ Սրբազան Քահանայապետը տրամադիր է այցելեց Փիոնեանկը, դիտել տալով սակայն թէ այսպիսի ճամբորդութիւն մը կարիքը ունի լուրջ պատրաստութեան։ «Հիւսիսային Քորէայի նախագահի խնդրանքը առաջին քայլ մըն է» ըսած է  Կարդինալ Փարոլին նշելով թէ «ձեռնարկը կարող է սատարել ի գործ դրուած հաշտութեան գործընթացին ու Քորէական Թերակղզիի միջուկազերծման»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2018, 10:18