Որոնել

Գերապայծառ Ռոմերօ եւ Պօղոս Զ Գերապայծառ Ռոմերօ եւ Պօղոս Զ 

Պօղոս Զ եւ Գերապայծառ Ռոմերօ. Եկեղեցւոյ նուիրուած կեանքեր։

«Սուրբ մարդիկ, հաւատքի եւ աղօթքի մարդիկ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուեցան Աւետարանին։ Անոնք եղան Քրիստոսի լոյսին արտացոլումը».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի  պիտի ունենայ  եօթը սուրբերու սրբադասման արարողութիւն մը զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ որուն նախատեսուած  է 70 հազար հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու մասնակցութիւնը, որոնցմէ շատերը պիտի ժամանեն նաեւ Սան Սալվատորէն՝ ուր Գերապայծառ Ռոմերոն մատուցած էր իր ծառայութիւնը եւ նահատակութեամբ կնքած էր իր մահկանացուն։ Գերապայծառ Ռոմերոյի հետ միասին պիտի սրբադասուի նաեւ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը ինչպէս նաեւ  իտալացի Քահանաներ Ֆրանչեսքօ Սփինելլի եւ Վինչենցօ Ռոմանօ, ապա գերմանացի քոյր Մարիա Քաթերինա Քասփերը, սպանացի Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Նազարիա Ինիացիան եւ իտալացի աշխարհական Նունցիօ Սուլփրիցիոն։

Հինգշաբթի 11 հոկտեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ վերոնշեալ սուրբերէն Գերապայծառ Ռոմերոյի եւ Պօղոս Զ քահանայապետի վրայ, որոնք նկարագրեցուեցան որպէս «սուրբ մարդիկ, հաւատքի եւ աղօթքի մարդիկ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուեցան Աւետարանին։ Անոնք եղան Քրիստոսի լոյսին արտացոլումը». ըսաւ այս առթիւ Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Պեչչու, ընդգծելով Պօղոս Զ-ի հեզութեան յատկանիշը ու Անոր աղօթքի նկատմամբ մեծ սէրը։

«Անոր համայն կեանքը եղաւ անձնուիրում մը Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ, որովհետեւ Անոր սէրը կը ծագէր սրտէն» ըսաւ Կարդինալ Պեչչու մատնանշելով նաեւ թէ Պօղոս Զ՝ հոգիի խոր անդորրութեան մարդ էր։ «Ան առաջնահերթութիւն կու տար միշտ Աստուծոյ իր խղճին ու Եկեղեցւոյ, եղաւ լոյս մը որ հակառակ պատմութեան ժայթքումներուն պիտի մնայ միշտ վառ ու երբեք պիտի չի սպառի» յարեց Կարդինալ Պեչչու հաստատելով թէ «Ան եղաւ Քրիստոսի լոյսին պատգամաւորը»։

Ծիրանաւորը ներկայացուց ապա միւս սուրբերու դիմագիծերը, հուսկ Սան Սալվատորի օգնական եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Կրէկորիօ Ռոզա Շավեսը ներկայացուց գերապայծառ Օսքար Ռոմերոյի սրբադասման արարողութեան առթիւ նախատեսուած ձեռնարկները նշելով նաեւ թէ աւելի քան 5000 ուխտաւորներ այս առթիւ Հռոմ կը ժամանեն Սան Սալվատորէն մինչ այլ 2000 հաւատացեալներ աշխարհի զանազան այլ վայրերէն։

Խօսելով գերապայծառ Օսքար Ռոմերոյի մասին գերապայծառ Շավէս հաստատեց թէ ան եղած է ամաչկոտ մարդ մը որ սակայն յանդուգն կերպով բացայայտած է թէ սրտի դարձը միակ ուղին է երկրին մէջ  հաշտութիւնը իրականացնելու համար։ 

«Գերապայծառ Ռոմերոն սպաննուեցաւ 24 մարտ 1980 թուականին Սան Սալվատորի մէջ. Ան գիտակից էր թէ պիտի սպաննուէր, սակայն չի վարանեցաւ իր կեանքը նուիրելու Աստուծոյ» նշեց գերապայծառ Շավես։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2018, 10:16