Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սրբադասման արարողութիւն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սրբադասման արարողութիւն 

Հոկտեմբեր 14-ին, Սուրբերու շարքին դասուելիք 7 երանելիներուն հակիրճ կենսագրականը:

Պիտի սրբադասուին Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը, Գերապայծառ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերօ, իտալացի Քահանաներ Ֆրանչեսքօ Սփինելլի եւ Վինչենցօ Ռոմանօ, ապա գերմանացի քոյր Մարիա Քաթերինա Քասփերը, սպանացի Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Նազարիա Ինիացիան եւ իտալացի աշխարհական Նունցիօ Սուլփրիցիոն։

Կիրակի 14 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.15 անց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան որուն ընթացքին սուրբ կը հռչակէ եօթը երանելիներ։ Կից կը ներկայացնենք այդ երանելիներուն հակիրճ կենսագրականը։

 

Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետ:

Երանելի Պօղոս Զ, Ճովաննի Պաթթսիթա Մոնթինի, ծնած է Իտալիոյ Պրէշիա քաղաք՝ 26 սեպտեմբեր 1897-ին: Քահանայ ձեռնադրուած է 29 մայիս 1920-ին: 1937-ին- նշանակուած է Պետական քարտուղարութեան փոխանորդ: Համաշխարհային Բ պատերազմին ընթացքին ձեռնարկած է բարեսիրական,  խնամակալական եւ հիւրընկալութեան ծրագիրներ ի նպաստ Ֆաշիսթներու հալածանքի թիրախներուն,  յատուկէն հրեաներուն:

1955-ին, ընտրուած է Միլան թեմին Արքեպիսկոպոս: Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին օրով, մաս կազմած է կարդինալական դասին:  21 յունիս 1963-ին, ընտրուած է Սուրբ Պետրոսի յաջորդը անուանակոչուելով Պօղոս Զ:

Երանելի Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետին ձեռնարկած անթիւ նախաձեռնութիւններուն շարքին արժանի է յիշել Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը, Առաքելական ճամբորդութիւնները ինչպէս նաեւ համամիութենական եւ միջ-կրօնային երկխօսութեան վաստակը: Ան երանելի հռչակուած է 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին օրով:

Երանելի Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերօ Կալտամեզ:

Երանելի Օսքար Ռոմերոն ծնած է 15 օգոստոս 1917-ին, էլ Սալվատոր հանրապետութեան Չուտատ Պարրիոս քաղաք:  Քահանայ ձեռնադրուած է 1942-ին:   20 տարիներ շարունակ եղած է Սան Միկէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: 1970-ին , նշանակուած է Սան Սալվատոր թեմի եպիսկոպոսի  փոխանորդ, ապա 1977-ին միեւնոյն թեմին Արքեպիսկոպոս:

Եպիսկոպոսական ծառայութեան ժամանակաշրջանին, Էլ Սալվատորի մէջ սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին,  Երանելի Օսքար Ռոմերօ, ներշնչուած հովուական խնամակալական զօրաւոր հոգիէն, պայքար մղած է կասեցնելու համար տկարներուն ու կղերականներուն դէմ գործադրուած սպառնութիւնները:

24 մարտ 1980-ին, Սուրբ Պատարագ մատուցանելու ժամանակ Գերապայծառ Օսքար Ռոմերօ կը սպաննուի անծանօթ անձի մը կողմէ: Երանելի հռչակուեցաւ 2015-ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Պապին օրով:

Երանելի ֆրանչեսքօ Սփինելլի

Երանելի Սփինելլի ծնած է Միլանօ քաղաք, 14 ապրիլ 1853-ին:  1875-ին, աւարտելէ ետք կազմաւորումի շրջանը  ձեռնադրուած է քահանայ: Ան Հռոմի մէջ ներշնչում ունեցած է  սկիզբ տալու երիտասարդուհիներու հասարակութեան մը որոնց նպատակը ըլլայ իրենց կեանքը նուիրել Տիրոջ որ ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Այսպէսով  Սրբուհի Կատարինէ Քոմենսոլիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք  սկիզբ տուաւ «Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի Քոյրեր» միաբանութեան վառերով միաբանութեան հիմնադիրի ու մեծաւորի պաշտօնը: Ան աչքերը փակեց ու աշխարհէն հեռացաւ է՝ 6 փետրուար 1913-ին: 1992-ին Սուրբ ՅՊԲ Պապ զինք դասեց երանելիներու շարքին:

Երանելի Վինչենցօ Ռոմանօ։

Ծնած է Նափոլիի մօտ գտնուող Թորրէ Տէլ Կրէքօ քաղաքին մէջ, 3 Յունիս 1751-ին։ 1775 Քահանայ կը ձեռնադրուի։  Իր ծննդավայրին մէջ մատուցած առաքելութիւնը  յատկանշուեցաւ ամենա յետիններուն հանդէպ ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեամբ  ու պատանիներուն  դաստիարակութիւն կիրակելու յանձնառումով։  15 Յունիս 1794-ին Թորրէ Տէլ Կրէքօ քաղաքը կը կործանուի Վեզուվիօ հրաբուխի ժայթքումի հետեւանքով։ Երանելին կը դառնայ քաղաքի ու հասարակութեան  նիւթական, հոգեւոր ու բարոյական վերածնունդի հոգին ու տիպարը։ Կը մահանայ  20 դեկտեմբեր 1831-ին։ Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն Երանելի կը հռչակէ 1963 թուականին։

Երանելի Մարիա Քաթերինա Քասփերը։

Ծնած է 26 մայիս 1820-ին Գերմանիոյ մէջ։ Իր պատանեկութիւնը անցուցած է արտերու մէջ ու փոքրիկ հասակին իր զօրեղ նկարագրով աշխատած է նաեւ ճանապարհներու կառուցման գործին մէջ։ Եղած է հիմնադիրը հաստատութեան մը որուն նպատակն է ծառայել ընկերային հասարակութեան ամենահեզ խաւերուն։ 1848-ին կը բանայ «Յիսուս Քրիստոսի աղքատիկ աղախիններու» տունը ուր կը հիւրընկալուին երկրին աղքատները։ Անոր հիմնած միաբանութիւնը շուտով կը տարածուի  նոյնիսկ երկրի սահմաններէն անդին հասնելով Եւրոպա ապա ամերիկաները եւ նոյնիսկ Հնդկաստան։  2 Փետրուար 1898-ին Երանուհին սրտի կատուածի բերումով կը մահանայ։ Պօղոս Զ Քահանայապետը Երանելիներու շարքին կը դասէ զայն 1978 թուականին։

Երանելի  Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Նազարիա Ինիացիան։

Ծնած է Մատրիտի մէջ 10 յունուար 1889-ին։ Ընտանիքն հետ կը փոխադրուի Մեքսիքօ ուր կը ճանչնայ «Լքուած տարեցներու քորերու» միաբանութիւնը եւ 1908-ին մաս կը կազմէ միաբանութեան։ 1911-ին կը կատարէ  առաջին  ուխտերը եւ կ՛ուղարկուի Պոլիվիա։  Երկիրն դիմագրաւած ընկերային ծանր իրավիճակը Նազարիան կը մղեն հիմնելու  նոր միաբանութիւն մը ծառայելու համար աղքատներուն ու ի պաշտպանութիւն կիներուն, ծնունդ կ՛առնէ այսպէս «Եկեղեցւոյ Խաչեցեալ Միսիոնար քոյրերու» միաբանութիւնը։  1942-ին Նազարիան կը փոխադրուի Պուէնըս Այրէս՝ սակայն անոր առողջական իրավիճակը կը վատթարանայ ու կը մահանայ 6 յուլիս 1943-ին։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը 1992-ին զինք Երանելի կը հռչակէ։

Երանելի Նունցիօ Սուլփրիցիոն։

Ծնած է 13 ապրիլ 1817-ին  Փեսքարայի Մարզի Փեսքոսանսոնեսքոյի քաղաքին մէջ։ Մանուկ հասակին կը կորսնցնէ իր ծնողքը եւ վեց տարեկանին կը խնամուի մեծ մօր կողմէ որ անոր կը սորվեցնէ Յիսուսը փնտռել Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ու աղերսել Սուրբ Կոյս Մարիամին։  Սակայն մեծ մայրն ալ կը մահանայ եւ Նունցիոն կը ստիպուի փոխադրուիլ իր մէկ հօրեղբօր մօտ ուր կ՛աշխատի որպէս ատաղձագործ։ Իր ուժերէն վեր ծանր աշխատանքներու  հետեւանքով ան կը հիւանդանայ։ 1832-ին, այլ հօրեղբօր մը միջամտութեամբ կը փոխադրուի Նափոլիի հիւանդանոց ուր Նունցիոն կ՛ընդունի առաջին հաղորդութիւնը։ Հիւանդանոցին մէջ սակայն Նունցիոյի հիւանդութիւնը արագօրէն կը տարածուի  եւ այլեւս յետին տկարութեան մէջ Երանելին իր մահկանացուն կը կնքէ 19 տարեկանին՝ 5 մայիս 1836-ին։ Լեւոն ԻԳ Քահանայապետը կը ճանչնայ անոր հերոսական առաքինութիւնները ու երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետի օրով՝  1963-ի դեկտեմբեր մէկին Նունցիօ Սուլփրիցիոն երանելի կը հռչակուի ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2018, 09:08