Պօղոս Զ կոչը. Խաղաղութիւնը առաջնորդելու է մարդկութեան ճակատագիրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ կիրակի խորաններու պատուոյն արժանացող Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը եղաւ առաջին Քահանայապետը որ սկսաւ միջազգային ճամբորդութիւններ կատարել։ 15 տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին ան կատարեց 9 միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններ ու 4 հոկտեմբեր 1965-ին այցելեց ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին, ուր ունեցաւ պատմական ելոյթ մը որուն ընթացքին կոչ ուղղեց աշխարհին կասեցնելու պատերազմները։ «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ։ Ոչ երբեք» ըսաւ Պօղոս Զ ֆրանսերէն լեզուով արտասանած ճառին մէջ ու աւելցուց «խաղաղութիւնը պէտք է առաջնորդէ ժողովուրդներու ու համայն մարդկութեան ճակատագիրը»։ 

Սոյն մարգարէական պատգամը այժմէական կը մնայ։ Հռոմէն չի մեկնած Սուրբ Քահանայապետ հաստատած էր. «Աշխարհը խաղաղութիւն  կը պահանջէ. իսկական, հաստատ ու մնայուն խաղաղութիւն, այդ բոլոր տառապանքներէն ետք որոնք մեր այս դարաշրջանը  ցնցեցին ու այդ ահռելի սուգերէն ետք՝ որոնք աւերեցին մարդկութիւնը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2018, 09:16