Որոնել

Երանելի Արնայիզ Մունոզ Երանելի Արնայիզ Մունոզ 

Երանելի կը հռչակուի Հայր Թիպուրցիօ Արնայիզ Մունոզը:

Հայր Թիպուրցիօ ,19 դեկտեմբեր 1896-ին, կ՝աւարտէ Աստուածաբանութեան մասնագիութեան ուսումները ու անդամ կը դառնայ Կրանտա քաղաքի Յիսուսեան միաբանութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, հոկտեմբեր 20-ին, Սպանիոյ Մալակա Քաղաքին մէջ երանելի կը հռչակուի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Հայր Թիպուրցիօ Արնայիզ Մունոզը:
Մալակա քաղաքի մայր տաճարէն ներս երանացման արաողութեան կը նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն:
Հայր Թիպուրցիօ ծնած է Սպանիոյ Վալլատոլիտ քաղաք՝ 11 Օգոստոս 1865-ին: Ան 5 տարեկանին, որբացած իր հայրէն, իր մօր ու իրմէ մեծ քրոջ հետ ապրած է աղքատ պայմաններուն մէջ: Իր ուսումները շարունակելու համար նորընծայարան մտնելէ ետք, որպէս լուսարար աշխատած է Տոմինիքեան մայրապետներուն վանքի մը մէջ: Ապա Քահանայ ձեռնադրուած է 20 ապրիլ 1890-ին, որմէ ետք երեք տարի պաշտօնավարած է որպէս ժողովրդապետ իր ծննդավայրին եկեղեցոյ մէջ:
Հայր Թիպուրցիօ ,19 դեկտեմբեր 1896-ին, կ՝աւարտէ Աստուածաբանութեան մասնագիութեան ուսումները ու անդամ կը դառնայ Կրանտա քաղաքի Յիսուսեան միաբանութեան, իր ամբողջ ժամանակը տրամադրելով թեմական քահանաներուն քարոզչութիւն եւ հոգեւոր կրթութիւն կատարելով:
1911-ին, կը փոխադրուի Մալակա քաղաք, ուր ինքզինք ամբողջութեամբ կը նուիրէ աղքատներու առաքելութեան:
1916-1917 տարիներուն, Հայր Թիպուրցիօ, Մալակա քաղաքին մէջ սկիզբ կու տայ, գիւղերու մէջ հողամշակութեամբ զբաղող «գիւղատնտեսական վարդապետութիւն» կաթողիկէ վարդապետութեան ուսուցման, իր կողքին որպէս օգնական ունենալով աշխարհականներ ու միսիոնարներ:
Յիսուսի Սուրբ Սիրտի նուիրուած, իննօրեայ աղօթքի առթիւ կատարած խորհրդածութեան ժամանակ, 18 յուլիս 1926-ին, հոգին կ՝աւանդէ առ Աստուած, թոքերու ծանր հիւանդութեան պատճառաւ:
Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Հայր Թիպուրցիօ Արնայիզ Մունոզի երանացման դատը, Մալակա թեմին մէջ սկիզբ կ՝առնէ 1990ին, եւ կ՝աւարտի 1995ին:
10 հոկտեմբեր 2016-ի, ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն կը շնորհէ հրապարակելու «Աստուծոյ ծառայի», Սուրբերու դատի ժողովի հրամանագիրը, ապա 18 դեկտեմբեր 2017ին, նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական հրամանգիրով մը կը ճանչնայ Հայր Թիպուրցիոյի բարեխսօութեամբ կատարուած հրաշքը, որով զայն կը դասէ երանելիներու շարքին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2018, 08:26