Որոնել

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանա Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանա 

Ասթանայի մէջ կրօնապետերու 6-րդ վեհաժողովը

Ղազախստանի Ասթանա մայրաքաղաքին մէջ սկիզբ առաւ աշխարհի կրօնապետերու երկօրեայ 6-րդ վեհաժողովը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

10-11 հոկտեմբերին,Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ կը գումարուի «կրօնապետերը աւելի ապահով աշխարհի ի սպաս» նիւթով, աշխարհի կրօնապետերու 6-րդ համագումարը:
Համագումարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Ղազախստանի նախագահ՝ Քազաքօ Նուրսութան Նազարպայեւ ներկայութեամբ, մահմետական, Քրիստոնեայ, Պուտիսթ, Հրեայ, եւ այլ կրօններուն ներկայացուցիչներու ինչպէս նաեւ կրօնային եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու անդամներ:

Ունկնդրէ լուրը

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ կրօնապետերուն վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Քահանայապետական օրէնսդրական փաստաթուղթերուն քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ՝ Կարդինալ Ֆրանչիսկոս Քոքքփալմիերոյի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները. Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան մահմետական բաժանմունքի պատասխանատու գերապայծառ Խալետ Ալաշէհ, Ղազախստանի մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Ֆրանսիս Ասիզի Չուլիքաթ, Ազրպէյճանի մէջ առաքելական կառավարիչ Հայր Վլատիմիր Ֆէքէթէ, Պէյրութի Սան Ժոզէֆ համալսարանի նախագահ Հայր Սալիմ Տաքքաշ:
Ընդամէնը չորս նիստերէ բաղկացած համագումարին, մէկ նիստ մը նուիրուած է կրօնապետերուն եւ քաղաքագէտներուն, որոնք կանչուած են իրենց նպաստը բերելու ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան վերացման գործնըթացին մէջ:
Համագումարի ելոյթ ունեցողներու շարքին է նաեւ 9Նազարեթ ընտանիքի միջազգային կեդրոն» անուան,Վատիկանեան հիմնարկի նախագահ՝ Սալվաթոր Մարթինեզ:
Աշխարհի կրօնապետերու յիշեալ համագումարը նկատուած է ժամանակակից աշխարհի ամենամեծ երկխօսութեան հարթակը: Ան կը հրաւիրէ աշխարհի կրօնային, քաղաքական, գիտական ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները լուծում գտնելու համար կրօնային եւ քաղաքական շտապ հարցերուն ինչպէս՝ կրօնային ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան հարցերուն:
Կրօնապետերուն առաջին վեհաժողովը գումարուած է 22-24 սեպտեմբեր, 2003-ին՝ Ասթանայի մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են զանազան կրօնային եւ այլ հաստատութիւններուն 17 պատուիրակութիւններ:
Կրօնապետերու վեհաժողովը համեմատուած է Ասսիզիի մէջ աշխարհի խաղաղութեան աղօթքի օրուան ծրագրին հետ, հաստատուած Սուրբ ՅՊԲ Պապին կողմէ 24 յունուար 2002ին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2018, 09:28