Որոնել

Ալճերիոյ մէջ Թրափիստ միաբանութեան կղերականները Ալճերիոյ մէջ Թրափիստ միաբանութեան կղերականները 

Ալճերիան կը պատրաստուի, 19 նահատակներու երանացման արարողութեան:

Ալճերիոյ Օրան թեմի մայր տաճարին մէջ յառաջիկայ 8 դետկեմբերին երանելի պիտի հռչակուին 19 կղերանաններ:

Յառաջիկայ 8 դեկտեմբեր 2018-ին, Ալճերիոյ Օրան թեմին մէջ տեղի պիտի ունենայ, 19 նահատակներու երանացման արարողութիւնը:

1994-1996, երկարող տարիներուն, 19 կրօնաւորներէ ու կրօնաւորուհիներէ բաղկացած խումբ մը կղերականներ, որոնց շարքին այն ժամանակուան Օրան թեմիn եպիսկոսպոսը՝ Գերապայծառ Փիեր Քլաւերի, Ալճերիոյ մէջ ծայրայեղ մահմետականներուն կողմէ գործադրուած ահաբեկչական արարքներուն ժամանակ, վճռած են Ալճերիոյ ժողովուրդին կողքին գտնուիլ, հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական ծանր իրավիճակին, նոյնիսկ խաթարելով իրենց կեանքը:

1 Օգոստոս 1996-ին, Օրան թեմի եպիսկոպոսը- գերապայծառ՝ Քլաւերին, զոհ գնաց առաջնորդարանի մօտ ականուած ռումբի մը պայթումին: Նոյն ճակատագիրը ունեցան ապա միւս կրօնաւորները որոնք ուզեցին մնալ իրենց Հօտին մօտիկ նոյնիսկ արեան գնով։

Ներկայիս, Ալճերիոյ Օրան թեմի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Քան Փոլ Վեսքօ Ուաթան օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով յիշեալ մարտիրոսներուն երանացման արարողութեան , զայն նկատած է աննախադէպ ձեռնարկ մը ՝ ոչ միայն Ալճերիոյ համար այլեւ համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար:

Գրերապայծառը ապա յոյս յայտնած է որ սոյն երանցման արարողութիւնը եղբայրութեան նշան հանդիսանայ ոչ միայն Օրան թեմին այլեւ համայն աշխարհին:

Օրան թեմի եպիսկոպոսոը անդրադառնալով 19 նահատակներուն երանացման արարողութեան վայրին ընտրութեան, Օրանի թեմի Աստուածամօր Սանթա Քրուզ Մայր տաճարը յայտնած է թէ այդ վայրին ընտրութիւնը կապուած է Գերապայծառ Քլավերին սպանութեան վայրին »ուր նաեւ սպաննուած է անոր վարորդը՝ մահմետական երիտասարդ՝ մը նշած Օրան թեմին ներկայ եպիսկոպոսը։

Յիշենք թէ մարտիրոսներուն երանացման արարողութեան պիտի նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2018, 08:32