Որոնել

Հնդիկ հաւատացեալնէրէն առնուած լուսանկար Հնդիկ հաւատացեալնէրէն առնուած լուսանկար 

Ինտուներուն Տիփավալի տօնին առիթով միջկրօնային քահանայապետական խորհուրդի շնորհաւորագիրը:

«Քրիստոնեաներ եւ Ինտուներ ընկերութեան դիւրաբեկներուն պաշտպանութեան ի նպաստ:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 7 նոյեմբերին Ինտուներու աշխարհը կը նշէ, «Տիիփավալի՝ լոյսի տօնը
Այս առթիւ, քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդը, պատգամով մը շնորհաւորած է Ինտուններու տօնը մաղթանք յայտնելով որ Տիփավալիի տօնախմբութիւնները , ամրապնդեն քրիստոնեաներու եւ Ինտուներու միջեւ եղբայրական կապը եւ խաղաղութիւն ու ուրախութիւն յառաջացնեն Ինտու ընտանիքներուն եւ հասարակութեան մէջ:

«Քրիստոնեաներ եւ Ինտուներ ընկերութեան դիւրաբեկներուն պաշտպանութեան ի նպաստ» խորագիրով Քահանայապետան խորհուրդը պատգամին մէջ ակնարկուած է աշխարհի եւ ընկերութեան մէջ խոցելի անդամներուն բարձր թիւի մասին, որոնց շարքին են աղքատները, տարեցները, անկարները, ընկերութեան եզրին գտնուող լքուածները, ու այս կապակցութեամբ մաղթանք յայտնուած է որ Ինտուները եւ քրիստոնեաները միասնաբար կարենան խորհրդածել, թէ ինչպէս կարելի է պաշտպանել, խնամել յիշեալ խոցելի անձերը, նկատել տալով որ խոցելիներուն խնամք տանելու բարոյական պարտականութիւնը կը բխի նախ երկու կրօններու բաժնեկցած դաւանանքէն՝ այն է բոլորս Աստուծոյ արածներն ենք, հետեւաբար քոյրեր ու եղբայրներ,՝հաւասար արժանապատուութեամբ, երկրորդ այն փորձառութեան գիտակցութենէն, որ բոլորս խոցելիներ ենք, երբ կը փնտռենք որ մէկը օգնէ մեզի:

Քահանայապետական Խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ միացեալ ջանքերը ՝ներշնչուած զօրակցութեան հոգիէն, որպէսզի խոցելի անձերը կարենան, իրենցմով մտահոգուող եղբայներներոււու քոյրերու գուրգուրանքը զգալ բանալով անոնց առջեւ կեանքի եւ սիրտի դուռը:

Միջ-կրօնային խորհուրդը ապա մաղթանք յայտնած է, որ Քրիստոնեայ եւ Ինտու ընտանիքները ի գործ դնեն ամէն ջանք, որպէսզի ոչ մի խոցելի անձ ինքզինք անբաղձալի, չսիրուած եւ մեկուսացուած զգայ, յորդորելով, որ ընկերութեան ամէն հարթակ, յատուկէն քաղաքական եւ պետական պատասխանատուները , գործնական խնամակալական ծառայութիւններ մատուցանեն եւ մարդկային դիմագիծ ու սիրտ ցուցաբերեն խոցելի անձերուն:

Քահանայապետական խորհուրդը շնորհաւորագիրը աւարտած է նշելով, որ երկու կրօններուն հետեւորդները նախ որպէս հաւատացեալներ, հիմնուած իրենց Հոգեւոր աւանդութիւններու վրայ ապա որպէս անհատներ, որոնց սիրտերուն խօսուն է բոլորին բարեկեցութիւնը , կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել այլ կրօններու եւ աւանդութիւններուն բարիի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին , հաւաքական եւ կազմակերպչական ջանքեր կատարելու, ապահովուելու համար ուրախալի ներկայ եւ յոյսով լի ապագայ խոցելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2018, 13:17