Արեւելեան համալսարանէն առնուած լուսանկար Արեւելեան համալսարանէն առնուած լուսանկար 

Քահանայապետական Արեւելեան կաճառի ուսումնական տարեշրջանին բացում :

Համապատարագ ապա զրոյց հանդիպում կաճառի դահլիճէն ներս:

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 26-ին, բացումը կատարուեցաւ Հռոմի Kահանայապետական արեւելեան կաճառի 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին, Հռոմի Sant'Antonio Abate all'Esquilino եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ համապատարագով5 զոր նախագահեց Լուկրօ թեմի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Տոնաթօ Օլիվիրեօ5 առընթերակայութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովին ՝քարտուղար արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Չիրիլ Վազիլին:

Քահանայապետական Արեւելեան կաճառի ուսումնական տարեշրջանի բացման արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին Անտիոքի յոյն Մելքիթներուն պատրիարքը ՝գերերջանիկ Եուսէֆ Ապսի, Կարդինալ Ճորճ Ալենշեռը, Ասորի-Մալապարներու Է Ernakulam-Angamaly աւագ արքեպիսկոպոսը, Հունգարիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Գերապայածառ Ֆուլոփ Քոքսիսը մինչ՝ Քաղաքական աձնաւորութիւններուն շարքին էին Ռումանիոյ, Ալպանիոյ, եւրոպական միութեան հիպատոսներ եւ զանազան դեսպանատուներուն պաշտօնեաներ:

Համապատարագի Սրբազան արարողութեան աւարտին, արեւելեան կաճառի «Aula Magna» դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյց հանդիպում, որուն առթիւ ելոյթ ունեցան կաճառին ընդհանուր մեծաւորը հայր Տավիտ Նազարը եւ կաճառին ուսուցչապետեր՝ Հայր Մասսիմօ Փամփալոնի եւ Հայր Ճորժ Ռույսեն:

Հանդիպում զրոյցի աւարտին խօսք առաւ նաեւ արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչ՝ կարիդնալ Լեոնարտօ Սանտրին ներկաներուն ուղղելով իր պատգամը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2018, 10:47