Պօղոս Զ Քահանայապետ Պօղոս Զ Քահանայապետ 

Պրեշայէն եւ Քոնչեզիոյէն հազարաւոր ուխտաւորներ պիտի մասնակցին Պօղոս Զ սրբադասման արարողութեան։

Ճովաննի Պատթթիսթա Մոնթինի, Պօղոս Զ. Պապի Քահանայապետութիւնը տեւեց գրեթէ 15 տարի։

 Ռոպէր Աթթարեան

Պրեշայի հասարակութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի իր մասնակցութիւնը բերել յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայանալիք Պօղոս Զ Քահանայապետի սրբադասման արարողութեան։Արդարեւ երջանկայիշատակ  սուրբ Քահանայապետը ծնած էր Պրեշայի մօտ գտնուող Քոնչեզիօ գիւղաքաղաքին մէջ՝ 26 սեպտեմբեր 1897-ին։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբադասման արարողութեան առթիւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքը 4 հոկտեմբերէն սկսեալ կը հրապարակէ «Պօղոս Զ. Մարդ մը, Քահանայապետ մը, Սուրբ մը» խորագիրով ցանցային տեղեկագրական ժապաւէն մը որուն նպատակն է ներկայացնել Մոնթինի Քահանայապետին պատմութիւնը, Անոր արարքներն ու մտածումները։

12 հակիրճ տեսերիզներ որոնց ընդմէջէն պիտի ներկայացուի Պօղոս Զ-ի Քահանայապետութեան հարստութիւնը, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ քրիստոնէութեան պատմութեան վրայ, ժամանակաշրջանի մը ընթացքին որ յատկանշուած էր  սերունդային բախումներով։

Մոնթինի Քահանայապետը եղաւ նախ եւ առաջ Քահանայ, մարդկայնութեամբ լի անձ մը։ 1954էն մինչեւ 1963, նախ քան Քահանայապետ ընտրուիլը  Ան որպէս Արքեպիսկոպոս եւ կարդինալ  ղեկավարեց աշխարհի ամենամեծ թեմը՝ Միլանի Ամրպրոզեան թեմը։ Իսկ երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի մահէն ետք, Մոնթինի Քահանայապետը եղաւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին Քահանայապետը, տիեզերական այդ ժողովը հասցնելով իր աւարտին։ Մոնթինի Քահանայապետին կը պարտինք ապա Վատիկանի ու Եկեղեցւոյ ներքոյ կատարուած բազմաթիւ բարեկարգումներ, որոնցմէ նշենք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հաստատումը։

Ճովաննի Պատթթիսթա Մոնթինի, Պօղոս Զ. Պապի Քահանայապետութիւնը տեւեց գրեթէ 15 տարի, ու յատկանշուեցաւ կարեւոր անցուդարձներով։  Պօղոս Զ եղաւ արդի ժամանակներու առաջին քահանայապետը, որ սկիզբ տուաւ միջազգային ճամբորդութիւններուն։ Ան 1964ին այցելեց Սուրբ Երկիրը ուր  Պատրիարք Աթենակորայի հետ ունեցած հանդիպումով, զարկ տուաւ նոր համամիութենականութեան ընթացքին։ Մէկ տարի ետք 1965ին այցելելով ՄԱԿի կեդրոնատեղին, այնտեղ արտասանեց «դարու ճառը» որուն մէջ վճռակամ կոչ ուղղեց պատերազմի դէմ՝ բացագանչելով «այլեւս ոչ երբեք պատերազմ»։ Պօղոս Զ մեծ յանձնառութեամբ գործեց ի նպաստ  համամիութեան, արդարութեան, խաղաղութեան, միջկրօնական երկխօսութեան եւ հաղորդամիջոցներու զարգացման։ Սկիզբ դրաւ Եկեղեցւոյ օրինագրքի նոր մշակումին, որ իր աւարտին հասաւ 1983 թուականին։

Պօղոս Զ. իր մահկանացուն  կնքեց 6 օգոստոս 1978ին։ Երանելի հռչակուեցաւ 19 հոկտեմբեր 2014ին։ Եւ սրբադասումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 14 հոկտեմբեր 2018-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2018, 09:09