Եպիսկոպոսներ Եպիսկոպոսներ 

Անգլիոյ եւ Կալլէսի կաթողիկէ եպիսկոպոսները Վատիկանի մէջ։

Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսներուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 28 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անգլիոյ եւ Կալլէսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անոնց կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Անգլիան եւ Կալլէսը մաս կը կազմեն Մեծն Պրիթանիայի պատմական հողամասին որ կը նեռարէ նաեւ Սկովտին։ Մինչ Սկովտիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները առանձին հանդիպում ունեցան Սրբազան Քահանայապետին հետ՝ 27 սեպտեմբերին, տրուած ըլլալով որ անոնք ունինք անկախ եպիսկոպոսական համահաւաք դաս, Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսները համախմբուած են մէկ համահաւաք դասին մէջ։

2011 մարդահամարի տուեալներու համաձայն Մեծն Պրիթանիոյ մէջ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան գրեթէ 60 առ հարիւրը որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի Անկլիքան եւ Բողոքական եկեղեցիներուն մինչ կաթողիկէները՝ առանց հաշուի առնելու հիւսիսային Իռլանդան, ըստ 2016 եկեղեցական վիճակագիրին, կը ներկայացնեն բնակչութեան 8.7 առ հարիւրը, մօտաւորէս  5 միլիոն 533 հազար հաւատացեալ։

Անգլիոյ եւ Կալլէսի Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 5 աւագ թեմեր, 17 թեմեր, 2 արեւելեան եկեղեցիներու առաջնորդութիւնները, զինուորական մատրանապետութիւն եւ առաքելական կուսակալութիւն մը որուն պէտք աւելցուի «Ուալսինկհամի» Տիրամօր սեփական առաջնորդութիւնը ստեղծուած Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի կողմէ, ի նպաստ այն հաւատացեալներուն եւ կղերականներուն որոնք կ՛ուզեն վերադարձ կատարել դէպի կաթողիկէ եկեղեցի։

Անգլիոյ մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է ու տարածուած է վեցերորդ դարուն՝ Վանական Օգոստինոսի քարոզչութեամբ թէեւ ԺԶ ու ԺԹ դարերու միջեւ կաթողիկէ եկեղեցին զործեց «ընդհատում մը կրեց» ի տես Անկլիքան եկեղեցւո  հերձուածին ու անոր վերածնունդը կը պարտին Կարդինալ Ժոն Հենրի Նիումէնին, ինչպէս նաեւ Իռլանդացիներու ներգաղթին։

Ինչպէս նշեցինք Մեծն Պրիթանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցին այսօր ունի երեք եպիսկոպոսական համահաւաք դասեր՝ Անգլիոյ Կալլէսի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, Սկովտիայի համահաւաք դասը եւ հիւսիսային Իռլանդայի  եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասը։

Հակառակ իր փոքրամաս իրականութեան կաթողիկէ եկեղեցին Մեծն Պրիթանիոյ մէջ ունի իր յատուկ դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս, յատկապէս բարեգործական ասպարէզէն ներս, աղքատներուն, թշուառներուն, գաղթականներուն ու տկարներուն մատուցած իր ծառայութեամբ, ըլլայ բժշկական, ըլլայ դաստիարակչական մարզերէն ներս։

Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շարքին են ՝ համամիութենական երկխօսութիւնը, յատկապէս Անկլիքան եկեղեցւոյ հետ, միջկրօանական երկխօսութիւնը այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներուն հետ, աւետարանութիւնը՝ միշտ աւելիով համաշխարհայնացած ընկերութեան մը ներքոյ, ապա կոչումներու խթանումը ու եկեղեցւոյ մէջ մանկապղծութեան արարքի դէմ պայքարը։

Նշենք թէ 1982 թուականին 28 մայիսէն 2 յունիս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը քահանայապետութեան 12-րդ միջազգային ճամբորդութեան առթիւ հանդիսացաւ առաջին Քահանայապետը որ այցելեց Մեծն Պրիթանեան, հանգրուան կատարելով Լոնտոն, Քանթերպըրրի, Քովենթրի, Լիվըրփուլ, Մանչեսթեր Եորք, Էտիմպուրկ, Կլասկով եւ Քարտիֆ ու մէկ տարի ետք ստեղծուեցաւ Անկլիքան ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխատանքային միջազգային յանձնախումբը։ Ապա 16 – 19 սեպտեմբեր 2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը որպէս երկրորդ քահանայապետ այցելեց Մեծն Պրիթանեան ու այդ առթիւ Եր տանելի հռչակեց Կարդինալ Ժոն Հենրի Նիումէնը։

2 Յուլիս 2018-ին լոյս տեսաւ «Քալել միասին ճանապարհին վրայ, սորուիլ ըլլալ եկեղեցի, տեղական, գաւառային, տիեզերական» տիտղոսով յայտարարութիւնը, որ պտուղն է կաթողիկէ-անկլիքան երկար տարիներու երկխօսութեան եւ որ կը ներկայացնէ դէպի յառաջ ուղղուած կարեւոր քայլ մը՝ կաթողիկէ-անկլիքան համամիութեան ծիրէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2018, 11:16