Փատրէ Փիօ Փատրէ Փիօ 

«Սուրբ Փատրէ Փիոյի» նուիրուած 23 սեպտեմբերի Քահանայապետական թուիթը։

«Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի վկայութիւնը մեզ կը քաջալերէ Երանութիւնները ապրելու աղօթքի եւ ողորմութեան գործերու ընդմէջէն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 սեպտեմբեր 2018-ի կը յիշատակուի Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի մահուան 50 ամեակը։ Քափուչին միաբանութեան անդամ ՝ Ֆրանչեսքօ Ֆորճոնէ անունով վանականը, որ աշխարհին ծանօթ է Փատրէ Փիոյի անունով, ծնած էր  Փիեթրալչինայի մէջ 25 մայիս 1887-ին եւ իր մահկանացուն կնքած էր՝ 23 սեպտեմբեր 1968-ին։  Ան սուրբ հռչակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ որ սրբադասման արարողութիւնը գլխաւորած է 16 յունիս 2002 թուականին։

Սուրբին մահուան 50 ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ առաքելական այցելութեամբ կը գտնուի Լիթուայի մէջ, հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու Սուրբին օրինակին նշեց թէ «Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի վկայութիւնը մեզ կը քաջալերէ Երանութիւնները ապրելու աղօթքի եւ ողորմութեան գործերու ընդմէջէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2018, 08:30