Որոնել

Հայր Փինօ Փուլյիզի Հայր Փինօ Փուլյիզի 

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 սեպտեմբերի թուիթը՝ Տոն Փուլյիզիի նահատակութեան 25 ամեակին առթիւ։

Միայն կեանքի պարգեւով է որ չարը կը յաղթահարուի:

Շաբաթ 15 սեպտեմբերի 2018-ին, Մաֆիայի ձեռքով սպաննուած  Երանելի Հայր Փինօ Փուլյիզիի նահատակութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ Փալերմօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն  ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց օրինակ առնել Հայր Փինօ Փուլյիզիէն որ իր կեանքը ապրեցաւ բարիք սերմանելով ամենուրէք ու ապա նոյնիսկ իր կեանքը զոհեց այդ բարիքին համար։ 

«Միայն կեանքի պարգեւով է որ չարը կը յաղթահարուի. Հայր Փինօ Փուլյիզին մեզի այս կը սորվեցնէ. Ան կ՛ապրէր սերմանելու համար բարին» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթին մէջ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2018, 14:00