Որոնել

Գրագիտութեան համաշխարհային օրը Գրագիտութեան համաշխարհային օրը  

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 սեպտեմբերի թուիթը «կրթութիւնը ազատութիւն է»։

«Առանց կրթութեան իրաւունքին չկայ լիակատար ազատութիւն, որով ամէն մէկ անհատ կը դառնայ իր ճակատագրին դերակատարը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 7 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, գրագիտութեան նուիրուած համաշխարհային օրուան նախօրեակին, Քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ շեշտը դրաւ «կրթութեան իրաւունքի» անհրաժեշտութեան վրայ, հաստատելով թէ առանց այդ իրաւունքին չկայ լիակատար ազատութիւն։

«Առանց կրթութեան իրաւունքին չկայ լիակատար ազատութիւն, որով ամէն մէկ անհատ կը դառնայ իր ճակատագրին դերակատարը» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 7 սեպտեմբեր 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ։

Գրագիտութեան համաշխարհային օրը (International Literacy Day)  կը յիշատակուի ամէն տարի սեպտեմբեր 8-ին, ու հաստատուած է  ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ՝ 1966 թուականին, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած «Անգրագիտութեան վերացման» հայող կրթութեան նախարարներու համաշխարհային համաժողովի երաշխաւորութեամբ:

Օրուան  գլխաւոր նպատակն է աշխուժացնել գրագիտութեան տարածումի հասարակական ջանքերը:  Արդարեւ որոշ տուեալներու համաձայն աւելի քան 860 մլն չափահասներ անգրագէտ են մինչ աւելի քան 100 միլիոն երեխայ կարելիութիւնը չունին դպրոց յաճախելու։

 ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի սահմանումով «գրագիտութիւնը` ազատութիւն է»: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2018, 13:30