Որոնել

Մայր Թերեզա Մայր Թերեզա 

«Սրբուհի Մայր Թերեզա, աղօթէ մեզի համար» Ֆրանչիսկոս Պապին 5 սեպտեմբերի թուիթը։

Ձեր հետ տարէք խաղաղութիւնը, որպէսզի զայն նուիրէք ուրիշներուն ձեր կեանքով, ձեր ժպիտով ու բարեսիրական գործերով:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 սեպտեմբեր 2018-ին, Կալկաթայի Մայր Թերեզային  ձօնուած ՄԱԿ-ին կողմէ հաստատուած բարեգործութեան  նուիրուած Օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ հայցեց Սրբուհիէն որ աղօթէ մեզի համար։

«Ձեր հետ տարէք խաղաղութիւնը, որպէսզի զայն նուիրէք ուրիշներուն ձեր կեանքով, ձեր ժպիտով ու բարեսիրական գործերով։ Սրբուհի Մայր Թերեզա, աղօթէ մեզի համար» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2018, 11:30