Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 սեպտեմբերի թուիթը։

Իսկական խաղաղութիւնը Աստուածային պարգեւ է

Երկուշաբթի 3 սեպտեմբեր 2018-ին հրապարակած իր թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ խաղաղութեան վրայ, զայն նկատելով Աստուածային պարգեւ։ Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ այդ խաղաղութիւնը ծնունդ առնէ հաշտուած ու դարման գտած սրտերէն ու տարածուի համայն աշխարհի մէջ։

«Իսկական խաղաղութիւնը Աստուածային պարգեւ է, թող որ ան բխի դարմանուած եւ վերահաշտուած սրտերէն ու ծաւալի ողջագուրելով համայն աշխարհը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2018, 13:30