Որոնել

Ջուր Ջուր 

Քահանայապետական թուիթ Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի Համաշխարհային օրուան առթիւ։

Աշխարհի վրայ աւելի քան 600 միլիոն անձինք կարելիութիւնը չունին ըմպելի ջուր ունենալ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տէր, զօրացուր մեր մէջ հասարակաց տան խնամքի զգացումը, յատկապէս ջուրին խնամքը, որ  առաջնահերթ բարիք մըն է, որ պէտք է պաշտպանենք ու բոլորին տրամադրութեան տակ դնենք»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մէկ սեպտեմբեր 2018-ին հրապարակած թուիթը, արարչագործութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային չորրորդ օրուան առթիւ։ Օրը հաստատուած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 10 օգոստոս 2015-ին որուն այս տարուայ պատգամին  բնաբանն է «Ջուրը իր երկու երեւոյթներով. ջուրին յարգանքը որպէս թանկարժէք միջոց ու ջուրին մատչելիութիւնը որպէս մարդկային իրաւունք» ու պատգամին բանալի բառը կը մնայ «ըմպելի ջուրը» որ դժբախտաբար մատչելի չէ բոլորին։ Արդարեւ աշխարհի վրայ աւելի քան 600 միլիոն մարդ կարելիութիւնը  չունի ըմպելի ջուր ունենալու։

«Ջուրը մարդկային իրաւունքներէն առաջինն է, ծովերը, ովկիանոսներն ու ջուրը եղբայրութեան կոչ մըն են, արարչագործութեան խնամակալութեան աղօթքի օրը եւս է հրաւէր է խոկալու եղբայրութեան եւ զօրակցութեան մասին. յատկապէս անոնց նկատմամբ որոնք ջուրի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցին,  ինչպէս է պարագան այն բազմաթիւ գաղթականներուն որոնք խեղդամահ եղան  միջերկրական ծովուն մէջ» յայտնեց այս առթիւ մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան կաճարի քարտուղարը գերապայծառ Պրունօ Տիւֆֆէ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2018, 12:30