Որոնել

Մենք ամէնքս իրարու անդամներ ենք Մենք ամէնքս իրարու անդամներ ենք 

«Մենք ամէնքս իրարու անդամներ ենք». Ընկերային Հաղորդամիջոցներուն 2019-ի օրուան բնաբանը։

«Մենք ամէնքս իրարու անդամներ ենք։ Community (ցանցային հասարակութիւն)էն՝ հասարակութիւն (իսկական-շօշափելի)»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 29 սեպտեմբեր 2018-ին, Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակասրտերու տօնին առթիւ  հրապարակուեցաւ յառաջիկայ 2019 տարուայ  Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու միջազգային օրուան պատգամի նիւթը. «Մենք ամէնքս իրարու անդամներ ենք։ Communityէն (ցանցային հասկացողութեամբ) դէպի հասարակութիւն (իսկական-շօշափելի)»։

Ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային օրը ամէն տարի կը զուգադիպի Պենտեկոստէի կիրակիէն մէկ կիրակի առաջ։ Այդ օրը միակ օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին կողմէ, 1963-ին` ''Ինթեր Միրիֆիքա'' հրամանագիրով։

Այս առթիւ Սուրբ Աթոռին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի թէ  2019-ի Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու նիւթը կ՛ուզէ ընդգծել «հաղորդակցութեան  աւելի ընդարձակ հեռանկար մը՝ հիմնուած անհատի վրայ ու շեշտը կը դնէ յարաբերութեան վրայ, ըմբռնուած որպէս երկխօսութիւն եւ ուրիշի հետ հանդիպումի առիթ»։ Այս նիւթով հրաւէր կ՛ուղղուի խորհրդածելու ցանի մէջ պարունակուած այսօրուայ յարաբերութիւններու  մասին որպէսզի վերահաստատուի հասարակութեան ցանցի գաղափարը որպէս մարդոց միջեւ իսկական ցանց մը, որ հիմնուած ըլլայ ուրիշի ունկնդրութեան վրայ, անոր հետ երկխօսութեան վրայ, հետեւաբար լեզուի պատասխանատու գործածութեան վրայ։  

Սրբազան Քահանայապետը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ ընկերային ցանցերուն, ուր ինք եւս ներկայ է ու Անոր կոչն է որ համացանցը դառնայ մարդոց միջեւ ցանց մը, եւ ոչ թէ թելերու ցանց, վայր մը հարուստ մարդկայնականութեամբ։

Ընկերային Հաղորդակցութեան միջազգային օրուայ նիւթին հրապարակութեան առթիւ Վատիկանեան Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչը՝ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի, մեկնաբանելով օրուան նիւթը, շեշտը դրաւ երկխօսութեան եւ հանդիպումի կարեւորութեան վրայ՝ «յաղթահարելու համար ինքնասէր ու ինքնահաւան հաղորդակցութեան մը համաճարակը որ կը բաժնէ՝ փոխանակ հաշտեցնելու» - ըսաւ Ան աւելցնելով թէ «մեր ժամանակաշրջանի վտանգը՝ համայնքներու փոխարէն ցեղերու կառուցումն է։ Ցեղեր հիմնուած մէկը միւսին բացառումին վրայ։ Հարկաւոր է առ այդ հակառակիլ  այս ինքնասէր անկումին, որ կը մղէ մեր հայեացքն ու սէրը կեդրոնացնել միայն մեր անձին վրայ, ու աշխարհը կը բաժնէ երկու մասերու՝ մենք եւ միւսները։ Այս մէկը մեզի արգելք կը հանդիսանայ ուրիշին մէջ տեսնելու մեր եղբայրը, Աստուծոյ զաւակ մը ու զԱստուած» յարեց Տիար Ռուֆֆինի ու հաստատեց «հարկաւոր է  կոտրել այդ «կախարդանքը» ու վերադառնալ մենք մեզի մէկ ու միակ բան զգալու իրողութեան, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոսը «անդամներ մէկը միւսին»։

Ակնարկելով հուսկ ընկերային ցանցերուն Փաոլօ Ռուֆֆինի նշեց թէ անոնք փոխեցին ընկերութիւնը զայն փոխակերպելով հաղորդակցութեան ընկերութենէ մը խօսակցութեան ընկերութեան։ Ցանցերը դարձան այն վայրերը ուր կը կազմուի մեր ինքնութիւնը, յատկապէս երիտասարդներուն ինքնութիւնը։ «Խօսակցութիւնը կարող է կերտել իսկական, գեղեցիկ ու տոկուն յարաբերութիւններ եւ կամ սնանիլ ատելութեամբ ու բարեկամ-թշնամի մեխանիզմով, եւ երբ այս մէկը պատահի չկայ իսկական յարաբերութիւն», յարեց  Ռուֆֆինի հաստատելով ապա թէ Քահանայապետի ներկայութիւնը այդ ընկերային ցանցերուն մէջ այդ ցանցերուն կը նուիրէ անոնց ամենագեղեցիկ իմաստը, զանոնք ներկայացնելով որպէս ազատութեան ե ոչ թէ կաշկանդումի գործիքները։

Երիտասարդները միւս կողմէն կը փնտռեն հասարակութիւն մը որուն կ՛ուզեն մաս կազմել, որովհետեւ կորսնցուցած են յարաբերութեան, հանդիպումի, երկխօսութեան կարիքը։ Անոնք կը փնտռեն իսկական անձերու ցանց մը ու եթէ այդ ցանցը կը մարմնանայ «community (ցանցային հասարակութեան) մը մէջ  ուր յաճախ կը տիրէ նախանձ ու ոխերմութիւն մենք այդ երիտասարդներն ու մեր ապագան կործանումի կը մատնենք։ Առ այդ ընկերային ցանցերու մէջ հասարակութիւնները պէտք է հիմնուին իսկական եւ շօշափելի յարաբերութիւններու վրայ, յարաբերութիւններ ստեղծուած անձերու միջեւ եւ ոչ վերացական աշխարհի մը մէջ։ Ասոր համար հարկաւոր է շրջանցել սխալ յարաբերութիւններու վրայ հիմնուած կամ սխալ իրականութիւն ներկայացնող կամ մէկ «քլիքով» բարեկամութիւններ ջնջող «community» հասարակութիւնը, ձգտելու համար իսկական ու ճշմարիտ հանդիպումին։ «Հաղորդութիւնը ճշմարտութեան ամենալաւ պահապանն է։ Երիտասարդները կը փնտռեն ազատութիւնը՝ ու միայն ճշմարտութիւնն է որ մեզ ազատ կը դարձնէ» եզրակացուցած է Վատիկանեան Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչ՝ Փաոլօ Ռուֆֆինին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2018, 12:00