Եպիսկոպոսներու հաւաք Եպիսկոպոսներու հաւաք 

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի ներկայացում։

Երկուշաբթի մէկ հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղին մէջ կը ներկայացուի «Եպիսկոպոսներու սովորական ԺԵ սիւնհոդոսը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ երկուշաբթի մէկ հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղին մէջ, առաւօտեան 11-ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը պիտի կատարուի «Եպիսկոպոսներու սովորական ԺԵ սիւնհոդոսին» որ որ նուիրուած է երիտասարդներուն «Երիտասարդներ, հաւաք ու կոչումի զատորոշում» բնաբանով եւ որ գումարուած է Վատիկանի մէջ  3 հոկտեմբերէն մինչեւ 28 հոկտեմբեր։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերին՝ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, Կարդինալ Սերժօ տա Ռոքան, սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը եւ գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէն՝ եպիսկոպոսներուն  սիւնհոդոսի ենթաքարտուղարը։

Այս առթիւ յիշեցնենք թէ Սիւնհոդոսի բացման արարողութիւնը նախատեսուած է  յառաջիկայ 3 հոկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բոլոր սիւնհոդոսական հայրերը որոնց շարքին է նաեւ՝ Արհիապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2018, 12:46