Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն հետ 

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի երիտասարդներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ կը փափաքի հանդիպիլ երիտասարդներուն՝ եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի ծիրէն ներս:

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 18-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի քարտուղարութեան հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը տեղեկացուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ, ի տես անցեալ մարտ ամսոյն, եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս նախաձեռնուած երիտասարդական հանդիպումին արձանագրած մեծ յաջողութեան, դարձեալ կը փափաքի հանդիպիլ՝ երիտասարդներուն, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հայրերուն հետ միասին, ունկնդրելու եւ ընկալելու համար անոնց առաջարկները եւ զանոնք օգտագործելու Սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ այս յատուկ հանդիպումը, առիթ պիտի հանդիսանայ երիտասարդներուն փոխանցելու շօշափելի փորձառութիւններ հայող իրենց ուսումնական– աշխատանքային կեանքին, իրենց զգացումներուն ու իրենց ապագային ինչպէս նաեւ իրենց կոչումի զատորոշումին։ Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայ պիտի գտնուի ժողովին որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, հոկտեմբեր 6-ին- յետմիջօրէին ժամը 5,-ին,- Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2018, 13:17