Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոս Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոս 

Երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բացումը 3 հոկտեմբերին։

Սիւնհոդոսին բնաբանն է «երիտասարդները, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը»

Յառաջիկայ 3 հոկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, բացումը կը կատարուի Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական Սիւնհոդոսին որուն աշխատանքները պիտի տեւեն մինչեւ 28 հոկտեմբեր եւ որ նուիրուած է երիտասարդներուն «երիտասարդները, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը» բնաբանով։

Սրբազան Քահանայապետին մատուցած սուրբ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բոլոր սիւնհոդոսական հայրերը որոնց շարքին է նաեւ՝ Արհիապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը։

Սիւնհոդոսը կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համախմբումն է որուն պարտականութիւնն է օգնել Քահանայապետին` Անոր յանձնուած տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման առաքելութեան մէջ։ Սիւնհոդոս բառը կը նշանակէ ''միասնաբար ընթանալու ճանապարհ''։ Եկեղեցին, արդարեւ, պատմութեան մէջ միասին քալող ժողովուրդ մըն է, որպէս Աստուծոյ Արքայութեան նշան` նուիրուած համայն մարդկութեան։

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը առ այդ ''եպիսկոպոսներու , հաւաքականութեան հաստատութիւն մըն է'' ի սպաս Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ։ Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ որուն որոշումները որոշիչ արժէք ունին, այլ ուղեւորութիւն մըն է որ համայն եկեղեցին կ՛իրագործէ հոգեւոր խորաթափանցութեամբ, հիմնուած Սուրբ Հոգւոյն` Եկեղեցւոյ տուած առաջարկներու վրայ։

Սիւնհոդոսը ունի խորհրդակցական հանգամանք քահանայապետական ուսուցումին ի սպաս։ Ան կը քննարկէ այն ինչ որ բարի է եւ վաւերական ու զայն կ՛առաջարկէ Եկեղեցւոյ եւ Սրբազան Քահանայապետին, որուն հիման վրայ կ՛առնուին համապատասխան որոշումներ։

Ասոր համար է որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմ կանչեց աշխարհի եպիսկոպոսները որոնք յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի գումարեն 15-րդ սովորական սիւնհոդոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2018, 12:00