Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալպանիոյ նախագահը

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը հայող Ֆրանչիսկոս Պապին Ալպանիոյ նախագահին հետ հանդիպումին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 17-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալպանիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Իլիր Մեթան: Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիին:

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ վերոնշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկուած են Վատիկան –Ալպանիա երկու կողմերուն միջեւ գոյացուած բարի յարաբերութիւնները, կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բերած նպաստը համայն Ալպանիոյ ընկերութեան՝ ու յատուկէն երիտասարդներուն:

Շօշափուած են երկուստեք հետաքրքրող նիւթեր՝ ինչպէս կրօնային ազատութեան խթանման եւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութիւնը եւ միջ-կրնօային եւ միջ-մշակութային յանձնառումի ուղիով ընթացքը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2018, 13:56