Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոզամպիքի հանրապետութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոզամպիքի հանրապետութեան նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մոզամպիքի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրաենեակին հաղորդագրութիւնը հայող ֆրանչիսկոս Պապին Մոզամպիքի նախագահին հետ հանդիպումին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբերին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Մոզամպիքի հանրապետութեան նախագահ՝ վսեմաշուք տիար Ֆելիփ Ճաչինդօ Նեուզին, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Վատիկանի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի պատասխանատու՝ գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակերին:

Այս մասին յայտնեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ հանդիպումը կայացած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին ընդգծուած են Սուրբ Աթոռի եւ Մոզամպիքի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները: Գնահատուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերութեան տարբեր ոլորտներէն ներս բերած նպաստը: Անդրադարձ կատարուած է 2011-ին, երկու կողմերու կողմէ կնքուած համաձայնութեան, Մոզամպիքի մէջ քաղաքական ընկերային կացութեան ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութեան գործընթացին, երկուստեք մաղթելով որ շուտով հաստատուի մշտական եւ կայուն խաղաղութիւն:

Քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ Մոզամպիքի մէջ աղքատութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի վերաբերող հարցեր:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2018, 14:01