Որոնել

Ուխտերթի մասնակցող հաւատացեալներ Ուխտերթի մասնակցող հաւատացեալներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ընտանիքներու 11-րդ ազգային ուխտագնացութեան մասնակիցներուն:

Ուխտագնացութեան այս տարուան նպատակն է վկայել ընտանիքին գեղեցկութիւնը եւ պաշտպանել անոր սրբութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հովանաւորութեամբ «Աշխարհականներու, ընտանիքներու եւ կեանքի ի սպաս» Սուրբ Աթոռի ժողովին, նախաձեռնութեամբ «Սուրբ Հոգիին մէջ վերանորոգում» եկեղեցական շարժումին, շաբաթ, սեպտեմբեր 15-ին, Իտալիոյ Փոմփէի քաղաքին մէջ, սկիզբ առաւ 11-րդ « ընտանիքներուն ի նպաստ ընտանիքներու ազգային ուխտագնացութիւնը, որուն այս տարուան նպատակն է վկայել ընտանիքին գեղեցկութիւնը եւ պաշտպանել անոր սրբութիւնը:

Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը ուղղեց ազգային 11-րդ ուխտագնացութեան մասնակիցներուն, փոխանցելով անոնց նորին Սրբութեան քաջալերանքը , միշտ հետապնդելու ընտանեկան սրբութեան վսեմ գաղափարականին, որպէսզի ամէն ինչ ընտանիքի աւետարանի դպրոց հանդիսանայ , ինչպէս նաեւ ՝հաւատարմութեան, խաղաղութեան, ներումի, ունկնդրութեան, համերաշխութեան , աջակցութեան ու հաղորդութեան դպրոց:

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ուխտագնացութեան մասնակիցներէն խնդրած է, ընկերանալ եւ խնամք տանիլ խոցելի ընտանիքներուն՝ բաժանումի ողբերգութիւնը ապրող ընտանիքներուն , գործէ զուրկ ընտանիքներուն, այն ընտանիքներուն, որոնք ստիպուած կամ բնական աղէտի պատճառաւ դիմած են գաղթականութեան, ինչպէս նաեւ սուգի մէջ կամ տառապանքի մէջ գտնուող ընտանիքներուն:
Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Քահանայապետական պատգամի աւարտին, յատուկ յանձնարարումով անդրադարձ կատարուած է նորապսակներուն, յորդորելով չմոռնալ զանոնք ու յիշել նաեւ նշանուածները, այրի մարդերն ու կիները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2018, 20:00